Հայկազեան Համալսարանի Մարզական Խումբերը Կը Մեկնին Կիպրոս
Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի եւ պասքեթպոլի աղջկանց եւ տղոց խումբերը Կիպրոսի Հայ երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ, գործակցութեամբ կը պատրաստուին 4-9 ապրիլ մեկնելու Նիկոսիա-Կիպրոս:
Անոնք պիտի ունենան բարեկամական մրցումներ` Կիպրոսի համալսարանական խումբերու դէմ (Կիպրոսի համալսարան, Նիկոսիոյ համալսարան):
Հայկազեանի մարզիկ-մարզիկուհիներուն պատուիրակութիւնը կը հաշուէ քառասունմէկ հոգի, որոնց կը միանան երեք մարզիչներ եւ խումբին առաջնորդը` Հայկազեան համալսարանի մարզական բաժանմունքի պատասխանատու Սահակ Պիտինեան:
Կիպրոս Կեցութեան շրջանին Հայկազեանի ուսանողներուն եւ կիպրահայ գաղութին միջեւ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում` նախաձեռնութեամբ ՀԵՄ-ի: Հանդիպման նպատակն է աւելի ամրապնդել երկու հայկական գաղութներուն բարեկամական կապը:
Կը մաղթենք, որ մեր խումբերը յաջողութիւն արձանագրեն այնտեղ եւ նորանոր բարեկամութիւններ ձեռք ձգելով վերադառնան Լիբանան:





