Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն . Այսօր Տեղի Կ՛Ունենան Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Այսօր` շաբաթ, 31 մարտին կ՛աւարտի Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին հանգրուանի մրցումները:

Յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին տեղի պիտի ունենան 8 եւ 12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումները: Միեւնոյն ժամուն պիտի սկսին նաեւ 14 եւ 16 տարեկանէն վար տղոց վերջին հանգրուանի մրցումները:

Իսկ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին պիտի սկսին 12 տարեկանէն վար տղոց եւ 14 տարեկանէն վար աղջկանց վերջին հանգրուանի մրցումները:

Մրցումներուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր դասակարգերու ախոյեաններուն, ինչպէս նաեւ երկրորդ եւ երրորդ դիրքը գրաւողներուն:

Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Ժամհուրի վարժարանին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:

Share this Article
CATEGORIES