Կռփամարտ. Այսօր` Արթուր Աբրահամ-Փիթըր Վիլչեւսքի Ճակատում

Արթուր Աբրահամ

Հայրենի կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ այսօր Գերմանիոյ Քիեւ քաղաքին մէջ գտնուող «Սփարքասեն Արենա»-ին մէջ պիտի մրցի Փիթըր Վիլչեւսքիի (Լեհաստան) դէմ:

PanArmenian.net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ fightnews.com-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Վիլչեւսքի ինքնավստահօրէն յայտարարած է, որ շատ դիւրութեամբ պիտի յաղթէ իր մրցակիցին` Աբրահամի:

Իսկ Աբրահամ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը… Ես մարզիչ Ուլի Վեկնըրի հետ Վիլչեւսքիի կատարած բազմաթիւ ճակատումները տեսած եմ: Իսկապէս, ան զօրաւոր մարզիկ մըն է, եւ չեմ անտեսեր անոր ունեցած յատկութիւնները` իբրեւ կռփամարտիկ: Սակայն կու գամ ըսելու, որ այս մրցումին պիտի յաղթեմ անոր»:

Share this Article
CATEGORIES