50 Տարի Առաջ ( 2 ապրիլ 1962 )

Խմբագրական

«Պնակ Մը Կերակուր»

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերն ու իրենց օժանդակ յանձնախումբերը վաղը պիտի շրջին տունէ տուն` «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան համար:

Բազմիցս խօսուած է այս ձեռնարկին մասին, որ աւանդութիւն մըն է այլեւս:

«Քիչ նուիրելով` շատ նպաստել», կամ` «կաթիլ»-ներով լիճ գոյացնել: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ` դիւրացնել անկարելիութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին հաւաքական-հանրային մեր կեանքին մէջ, բազմահազար չքաւոր կամ անկար հայ մարդոց տնտեսական կամ ընկերային դժբախտութեան պատճառով:

Ատեն մը զգացական տրամադրութիւններով միայն կու տար մեր ժողովուրդը. մարդասիրական կամ այլասիրական զգացումին մղումովը միայն: Ու, տալէ ետք, չէր մտածեր մնացեալին մասին:

Այսօր ներելի չէ լոկ զգացականօրէն շարժիլ: Պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ Հայ օգնութեան խաչը «ցրուող» մը կամ «բաշխող» մը չէ միայն: Այլ արթնօրէն բռնած է մեր ժողովուրդի բազկերակը` գտնելու համար անոր տկար կամ վիրաւոր կողմերը եւ ըստ այնմ մատակարարելու համար իրեն յանձնուած գումարները:

Կամայական կարգադրութեան մը կամ պատահական քմահաճոյքի մը արդիւնքը չէ այն իրողութիւնը, որ բովանդակ գաղթաշխարհի մէջ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կրթական եւ դաստիարակչական մարզերու վրայ կեդրոնացուցած են իրենց աշխատանքն ու ուշադրութիւնը եւ հանգանակութեանց կամ նուիրատուութեանց գումարներու մեծագոյն տոկոսը կը յատկացնեն կարօտ ծնողներու ուսումնատենչ զաւակներու մարմնաւոր եւ մտաւոր սերունդին, հոգեկան աշխարհի կազմաւորումին, հայեցի եւ տոհմիկ դաստիարակութեան եւ, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, նոր սերունդի մասնագիտական պատրաստութեան:

Հայ օգնութեան խաչը, համազգային այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ընկերային ու ազգային ընդհանրական առաքելութեան մը կոչուած է տասնամեակներէ ի վեր: Եւ մեր օրերուն, աւելի քան երբեք, կենսական դեր ունի կատարելիք: Մեր նոր միջավայրերուն մէջ, տնտեսական համեմատական կամ յարաբերական վերելք արձանագրած ըլլալով հանդերձ, կենսականօրէն պէտք ունինք ընկերային նոր յենակներու` այժմեան պայմաններու եւ ստիպողութեանց համաձայն սերունդ դաստիարակելու համար: Մանաւանդ Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքներու մէջ, ուր մեզի ընծայուած պետական զգալի օժանդակութիւններ չկան եւ հայ բազմութիւններ չքաւորներու մեծ թիւ ունին իրենց ծոցին մէջ: Հայ օգնութեան խաչը պարտականութիւն կը զգայ անտէր ու անօգնական չձգելու մեր ժողովուրդին դժբախտ զաւակները:

Եւ անշուշտ, այս ուղղութեամբ, առաւելապէս կը վստահի մեր հոծ զանգուածներու ոչ միայն զգացումին, այլեւ` գիտակցութեան: Ոչ միայն այլասիրութեան, այլ նաեւ` ազգային մտածողութեան:

Վաղուան հանգանակութիւնը առիթ մը թող ըլլայ ազգային գիտակցութեան այս «քննութիւնը» յաջողութեամբ անցընելու:

Պէտք է տանք ո՛չ թէ «ողորմած» մարդու սրտով ու հոգիով, այլ` ընկերային աջակցութիւն մը կատարած ըլլալու խոր գիտակցութեամբ:

«Պնակ մը կերակուր»-ը միջոց մը եւ նպատակ մըն է անտարակոյս: Սակայն հիմնական եւ ընդհանրական ձգտումը ընկերային մեր բոլոր տեսակի խոցերը դարմանուած տեսնելու գիտակցութիւնը պէտք է ըլլայ:

Մեր Ժամուցն Է

(«Պնակ Մը Կերակուր»-Ի Հանգանակութեան Առթիւ)

Աշնան եւ ձմրան եղանակներուն է, որ բացառիկ թափ մը կը ստանայ Հայ օգնութեան միութեան «Պնակ մը կերակուր»-ի արշաւը, որ արդէն վերածուած է տեսակ մը աւանդութեան, այս ափերուն վրայ: Աւանդութիւն մը` մանաւանդ մեր այն զանգուածին համար, որուն սրտին այնքա՜ն մօտ է չունեւորին, զրկուածին ու դժբախտին օգնութեան ձեռք կարկառելու պարտականութիւնը:

Տօնական օրերուն կը զուգադիպի այս արշաւը:

Կազմակերպութեան վարիչները ծանօթ են մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան: Անոր առաքինութեանց:

Ու գիտեն, որ երբ ազգային մարմին մը կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդին, որ իր լումաներով լեցնէ, օրինակ, այս կազմակերպութեան գանձանակը, իր կոչը անպատասխան չի մնար:

Ուրախառիթ երեւոյթ մըն է, որ տարուէ տարի «Պնակ մը կերակուր»-ի արշաւին արդիւնքը կ՛աճի:

Այս երեւոյթը, ինքնին, կը նշանակէ, որ նուիրատու հայրենակիցը աչօք-բացօք կը տեսնէ որ Հայ օգնութեան միութիւնը այս արշաւին արդիւնքով իրա՛ւ պնակ մը տաք կերակուր կը դնէ նուազ բախտաւոր ընտանիքի մը զաւկին առջեւ:

Սրբազան աւանդութիւն մը ունի մեր ժողովուրդը. Ծնունդին թէ Զատիկին կամ ուրիշ առիթներով ափ մը դրամ կը լեցնէ իր թաղին Հայաստանեայց եկեղեցիին գանձանակը: Ու իր այս նուէրին համար ճարած է սիրուն անուն մը` ժամուց:

Այդ ժամուցով աստուածավախ ու իր եկեղեցիին համար իր «հոգին տուող» հայը տուած կ՛ըլլայ իր տուրքը Աստուծոյ, որ է «Պարգեւիչ ամենայն բարեաց»:

Պէտք ունի՞նք յիշեցնելու մեր հայրենակիցներուն, որ «Պնակ մը կերակուր»-ի գանձանակը նետուած գումարն ալ ժամուց մըն է` եկեղեցիին նուիրուած ժամուցին չափ աստուածընկալ:

«ՀԱՅ ՍԻՐՏ»

Share this Article
CATEGORIES