Ամերիկեան Պատկերներ. «Աստուածաշնչային» Զէնքեր

Միացեալ Նահանգներու օդուժին թիւ 101 զօրամասէն զինուոր մը գիշերային պահակութեան պահուն իր զէնքին դիտակով կը հսկէ Մանտոզայի իր դիրքէն (Խոսթ գաւառ, Աֆղանիստան):

ՄԻՆՉ ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՅԱՌԱՋԱԴԷՄ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ԿՐՕՆԸ ԲԱԺՆԱԾ ԵՆ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ, ԱՆԴԻՆ` ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԽԱՒԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԳԱՑՆԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: ԱՅԺՄ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻ, ԹԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿԻՆ ՍՏԱՑԱԾ ԶԷՆՔԵՐԸ ԿԸ ԿՐԵՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ՊԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԿՆԱՐԿՈՂ ԹԱՔՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ: «ՏԷՅԼԻ ԹԵԼԵԿՐԱՖ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ:

Դէպի Իրաք եւ Աֆղանիստան ուղարկուած ամերիկացի զինուորներուն զէնքերը կը կրեն ծածկագիր արձանագրութիւններ, ինչպէս` 2COR4:6  եւ JN8:12, որոնք կ՛ակնարկեն Կոռնթացիներուն  Երկրորդ գիրքին եւ Ս. Յովհաննէսի աւետարանէն տողերու:

Այս գաղտնի նշանները չեն համապատասխաներ Միացեալ Նահանգներու պետական օրէնքներուն, որոնք կ՛արգիլեն կրօնական հաւատքի որեւէ դրսեւորում` դէպի իսլամական երկիրներ ուղղուող իրենց զինուորներուն:

Խնդրոյ առարկայ զէնքերը շինուած են Միշիկընի մէջ, զէնքերու արտադրիչի մը կողմէ, որ պայմանագրութիւն կնքած է դիտակով օժտուած աւելի քան 800 հազար զէնքեր շինելու ամերիկեան ծովուժին եւ օդուժին համար, ինչպէս նաեւ` բանակի այլ զօրամասերու:

Խնդրոյ առարկայ ընկերութիւնը կը հաստատէ, թէ շատ փոքր տառերով արձանագրութիւններ, որոնք նոյնքան փոքր են, որքան զէնքերուն արտադրութեան վերաբերող թիւերը, կ՛առնչուին Նոր Կտակարանէն պարբերութիւններու:

Ընկերութիւնը հիմնուած է քրիստոնեայ ջերմեռանդ հաւատացեալ Կլին Պինտոնի կողմէ: Անիկա համացանցի  իր կայքին մէջ կը խոստանայ հաւատարիմ մնալ «Աստուածաշնչային այն չափանիշներուն», որոնք հզօր երկրի մը վերածած են Միացեալ Նահանգները:

Ընկերութեան մէկ բանբերը կ՛ըսէ, թէ Աստուածաշունչի ակնարկութիւններ «միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են» դիտակներուն վրայ եւ կը շեշտէ, թէ անոնք չեն խախտեր որեւէ օրէնք: Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատասխանատուներ յայտնած են, թէ տեղեակ չեն նման արձանագրութիւններու գոյութեան` իրենց  Կռիւի զարգացած տեսողական ուղեցոյցներուն (Ըտվանստ քոմպաթ օփթիքըլ կայտ) վրայ:

Սակայն աշխարհիկ արժէքներու պահպանութեան համար պայքար մղող անձեր զէնքեր արտադրող ընկերութիւնը կ՛ամբաստանեն Միացեալ Նահանգներու հակառակորդ կողմերուն քարոզչական յաղթանակ մը շնորհելու յանցանքով, որովհետեւ հակառակորդները կը ձգտին Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան գործողութիւնները ներկայացնել իբրեւ խաչակրութիւն մը:

«Ասիկա սխալ է, կը բռնաբարէ սահմանադրութիւնը, կը բռնաբարէ դաշնակցային շարք մը օրէնքներ», կ՛ըսէ Զինուորական կրօնական ազատութեան հիմնարկի ներկայացուցիչ Մայքըլ Վայնսթայն:

«Ասիկա առիթ կու տայ մուճահետտիններուն, Թալեպանին, Քայիտային, ըմբոստներուն եւ ժիհատականներուն, որ յայտարարեն, թէ իրենք կը սպաննուին Յիսուսի զէնքերով», կ՛աւելցնէ ան:

Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ կրօնական բառապաշարը հեռու պահելու համար զինուորական հարցերէն, այն օրէն, երբ 2001-ին նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ զայրոյթ յառաջացուց բազմաթիւ իսլամներու քով` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը նկարագրելով իբրեւ «Խաչակրութիւն մը»:

Այնուհետեւ Սպիտակ տունը բազմիցս յայտարարած է, թէ այդ օրերու նախագահը զղջացած է յանպատրաստից խօսքի մը մէջ այս ըսելաձեւը գործածելուն համար:

Զէնքերուն դիտակներուն վրայ արձանագրուած ծածկագիր տառերը կ՛ակնարկեն Ս. Գրային հետեւեալ պարբերութիւններուն.

«Որովհետեւ Աստուած, որ ըսաւ, թէ խաւարէն լոյս կը ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ, Աստուծոյ փառքի գիտութեան լուսաւորութիւնը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին»:

«Արդ Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ. ես եմ աշխարհի լոյսը, ով որ ետեւէս գայ ան խաւարին պիտի չերթայ, այլ պիտի ընդունի կեանքին լոյսը»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES