Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումը` Վրձինով

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Մեր ժամանակի մեծագոյն դժբախտութիւնը մարդկային Ես-ի փառաբանումն է:
ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Եթէ տասնամեակներ առաջ հայ մշակոյթը յեղափոխականացնելը հրատապ հարց էր հայ քաղաքական մտքին համար, ապա այսօր հայ մշակոյթը քաղաքականացնելը կենսական նշանակութիւն ունի մեր ազգային պահանջատիրութիւնը ամրապնդելու եւ առհասարակ հայ ազգի եւ հայրենիքի վարկը բարձրացնելու նուիրական գործընթացին մէջ: Օրինակ մը տալու համար յիշեցնենք, որ Փոլ Կիրակոսեան յանձնառու այն հայ կերպարուեստագէտներէն է, որուն ստեղծագործական կեանքն ու առանցքը Եղեռնն է: Այդպէս էին` Արշիլ Կորքին, Խորէն Տէր Յարութիւնեանը, Ժանսեմը, Ժան Գազանճեանը եւ ուրիշներ: Այդպէս էր նաեւ Փոլ Կիրակոսեանը, որուն երկու շարքերը` «Եղեռն» եւ «Վերածնունդ», ցուցադրուած են արաբական աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, եւ շնորհիւ Փոլ Կիրակոսեանի բացառիկ տաղանդին եւ անոր արուեստի ներազդեցիկ ուժին` հայ ժողովուրդը բազմաթիւ բարեկամներ շահեցաւ արաբական աշխարհի (եւ ոչ միայն` արաբական աշխարհի) տարածքին:

Փոլ Կիրակոսեանի քաղաքականացած արուեստի մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ստորեւ «Բագին» ամսաթերթէն կ՛արտատպենք տոքթ. Մովսէս Ս. Հերկելեանի մէկ ակնարկը հրատարակուած 1984-ին ապրիլի թիւին մէջ:

«Ա.»

 

Յեղափոխական մշակոյթը եւ կամ հայ մշակոյթը յեղափոխականացնելու հարցը սփիւռքահայ երիտասարդը յուզող կարեւոր խնդիրներէն մէկն է այսօր, որովհետեւ կ՛ապրինք պատմական այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, ուր հայ մշակոյթին զարկ տալու եւ զայն յեղափոխականացնելու հարցը կը դառնայ հրատապ:

Այսօրուան մարտիկներուն զոհաբերութեամբ ստացած Հայ դատի ժողովրդականացումը կրնայ առաւել եւս արմատանալ եւ նուիրագործուիլ միայն մշակոյթի միջոցով, որովհետեւ մարդուն վրայ ներգործելու ուժեղագոյն տուեալը բարձրորակ եւ իրաւ մշակոյթն է:

Հայկական եղեռնին թեման, 1915-էն առաջ թէ ետք, բազմիցս արտացոլուած է (սկսեալ Այվազովսկիէն մինչեւ Ս. Տէր Խաչատուրեան եւ Եր. Քոչար) հայ գեղանկարիչներու պաստառներուն վրայ, իսկ մեր ազատագրական նորագոյն պայքարի զուգահեռ` Եղեռնը դրսեւորուեցաւ հայ արուեստի գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ, առաւել կամ նուազ չափով: Գեղանկարչութեան պարագային` անկախ մասնակի պաստառներէն, տեղի ունեցան նաեւ գեղանկարչական առանձին ցուցահանդէսներ:

Այսպէս:

24 ապրիլ 1981-ին, Նիւ Եորքի ամէնէն հռչակաւոր ցուցասրահներէն մէկուն մէջ, բացումը կը կատարուէր մեծանուն գեղանկարիչ Արշիլ Կորքի-Ադոյեանի ամենածաւալուն ցուցահանդէսին: Կորքիի երփնագիրներուն ողբերգական բնոյթը ինքնին դրսեւորումն է Եղեռնը տեսած ու անկէ ճողոպրած հայու  մը ողբերգական կեանքին:

Ճիշդ մէկ տարի ետք, 24 ապրիլ 1982-ին դարձեալ Նիւ Եորքի մէջ, կը կատարուէր Եղեռնին նուիրուած երկրորդ ցուցահանդէսի մը բացումը, ուր միջազգային համբաւ նուաճած ուրիշ կերպարուեստագէտ մը Խորէն Տէր Յարութիւնեան, կը ցուցադրէր ստուար թիւով երկեր` ներշնչուած հայկական կոտորածներէն:

Իսկ այս տարի, 23 ապրիլին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս բացումը կը կատարէր Եղեռնին նուիրուած գեղանկարչական երրորդ ցուցահանդէսին, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան, հետաքրքիրներուն ուշադրութեան յանձնելով Փոլ Կիրակոսեանի շուրջ 60 գեղանկարները` «Ցեղասպանութենէն դէպի վերածնունդ» ընդհանուր խորագիրին տակ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ազգային ծիրէն դուրս բերելով` վերոյիշեալ երեք ցուցահանդէսներն ալ անուղղակիօրէն դատապարտած են մարդու կողմէ մարդը ոչնչացնելու անմարդկային արարքները, որոնք առաւել եւս կ՛իմաստաւորեն եւ միջազգային մակարդակներու կը տանին Հայ դատը:

Փոլ Կիրակոսեանի ցուցադրած երփնագիրները կը բաժնուին երկու գլխաւոր մասերու.

Ա.- Եղեռնը, ուր պատկերուած են հայ ժողովուրդի բռնի տեղահանումը, տարագրութիւնն ու ոչնչացումը:

Բ.- Կոտորակուած ժողովուրդի մը վերածնունդը, անոր վերապրելու կամքն ու կեանքի գեղեցկութիւնը ընդհանրապէս:

Առաջին բաժինը կը սկսի «Գողգոթայէն» ու կ՛անցնի այնպիսի՛ ճանապարհներէ, ուր կը հանդիպինք բռնի տեղահանուած կարաւաններու, մորթուած ու ծուատուած մարմիններու, գիշակեր թռչուններու կողմէ տարտղնուած ոսկորներու: Նմանօրինակ եղերական տեսարաններու ընդմէջէն Փոլ Կիրակոսեան արուեստագէտը  դիտողը կը տանի մինչեւ Տէր Զօր, Մեսքենէ ու մինչեւ Դժոխք: «Դժոխքը» անունը կրող գեղանկարը, իր սարսռազդեցիկ բնոյթով, կարծէք վերջակէտն է այս շարքին, լրումը մարդկային մեծ ողբերգութեան… Այս շարքին իւրաքանչիւր գեղանկարը ցնցիչ տեսարանի մը դիմաց կը դնէ մեզ, սակայն աւելի յուզիչ ու սիրտ մորմոքող է «Մեծարանք փոքրիկներու» խորագրուած երփնագիրը: Հոս պատկերուած նորածինը տրուած է այնքա՛ն սրտայոյզ գիծերով ու գոյներով, որ մանուկ-տիհարը կարծես դեռ չծնած` մօրը արգանդին մէջ ճաշակած է քաղցի, ծարաւի ու անապատային կիզիչ տառապանքը: Գերագոյն անմեղութեան բարբարոս ոչնչացումն է սոյն գեղանկարը, եւ նոյն ատեն` համամարդկային ողբերգութեան մէկ վկայութիւնը: Նոյնիսկ հասարակ մահկանացուին սէր, գուրգուրանք ու յարգանք կը պարտադրէ այս պաստառը, կը ստիպէ ակնդիրին, որ խոնարհի յիշատակին առջեւ բոլոր այն երեխաներուն, որոնք ողջակիզուեցան անապատներուն մէջ…

Փոլ Կիրակոսեանի գեղանկարներու առաջին բաժինին մէջ գերիշխող գոյները ընդհանրապէս սեւն ու կարմիրն են: Այս երկու չարագուշակ գոյներուն միախառնումով ստեղծուած տարբեր երանգները Կիրակոսեանի վրձնահարուածներուն տակ դարձած են Եղեռնի պատմութիւնն ու տարողութիւնը իմանալի դարձնող յուշարձաններ, յագեցած` ներազդելու այնպիսի՛ ուժականութեամբ, որ կը խարանեն մարդկային արժանապատուութիւնն ու արդարութեան անոր զգայարանքը…

Ցուցահանդէսին երկրորդ բաժինը` «Վերածնունդը», ճիշդ հակապատկերն է առաջինին:

Հայ մանրանկարչութիւնը` իր գոյներով, ոճով ու, մա՛նաւանդ` ոգիով, տիրական դեր մը ունի այս շարքին մէջ:

Հայ ազգը միշտ ենթակայ եղած է բնաջնջման վտանգին եւ տեւաբար ապրած ըլլալով «ըլլալ-չըլլալու» հարցականին տակ, բնազդական հակազդեցութեամբ մը ստեղծած է ինքնուրոյն ու ամուր մշակոյթ մը, որուն մէկ ոգեղէն արտայայտութիւնն է մանրանկարչութիւնը:

Փոլ Կիրակոսեան առաջին բաժինին մէջ ապրած է տանջալից երկունք մը, որուն իբրեւ հակազդեցութիւն` իր մէջ ծնունդ առած է «Վերածնունդ» շարքը երփնագրուելու հայ մանրանկարչական ոգիով, որ ո՛չ միայն գոյատեւումի յաղթանակն է, այլեւ` «արտայայտութիւնը մարդու կործանարար ու անկումային Ես-ի ժխտումին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES