Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Առօրեային Համար Անհրաժեշտ Եւ Բուժարար Բարեմասնութիւններէն…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, թէեւ Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին մակագրուած է «Գալստեան», բայց եւ այնպէս Աստուածային Երկրորդ Անձին մարդեղութեան տօնին զուգադիպելով` այս տարի, ինչպէս ամէն տարի, մարտ 25-ին կը տօնախմբենք «Աւետումն Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի»:

Յամենայն դէպս, «մարդեղութեան» ու «գալստեան» երկու խորհուրդները, որոնց ենթական նոյնն է` Յիսուս Քրիստոս, ոչ միայն անբաժանելի են իրարմէ, այլ նաեւ մէկը` միւսին առաջնորդող:

Յիսուսի մարդեղութիւնը Աստուած Որդիին մարմնացումը, ծնունդն է մեր աշխարհին մէջ, իսկ  Քրիստոսի գալուստը Աստուած Որդիին դարձը, վերադարձն է մեր աստենականին մէջ:

Ուրեմն, Ս. Գիրքը կը խօսի ու մեր եկեղեցին կը սորվեցնէ Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդուն առաջին եւ երկրորդ գալուստներուն մասին:

Առաջին գալուստը դիպեցաւ երկու հազար տարիներ առաջ` Նազարէթի Մարիամ Կոյսին ի վերուստ տրուած աւետումով, եւ այսպէս սկսաւ մեր քրիստոնէական ժամանակը:

Երկրորդ գալուստը պիտի պատահի աշխարհի կատարածային վերջին օրը` Մարիամի Որդիին յերկնուստ տեղի ունենալիք ժամանումով, եւ այսպէս պիտի սկսի մեր յաւիտենական ժամանակը:

Երկու գալուստներուն միջեւ ապրեցանք, կ՛ապրինք եւ պիտի ապրինք մեր այս կեանքը, զոր կը բնութագրենք իբր «աստենական», քանի մեզ կ՛առաջնորդէ մեր այն կեանքին, որուն ածականն է «անդենական»:

Աստենականէն անդենականին մեր կենսուղիին վրայ գործադրուելիք կէտեր եւ ապրուելիք ճշմարտութիւններ կը տրուին մեզի «Գալստեան» Կիրակիին կարդացուած Ս. Մատթէոսի աւետարանէն` 22,34-23,12 հատուածը:

Յիսուս, աստուածային Վարդապետը, իր թերահաւատ ու տգէտ ունկնդիրներուն ննջեցեալներու յարութիւնը փաստելէ եւ հանդերձեալ կեանքն ապացուցանելէ յետոյ, կու տայ Օրէնքին, ուրեմն, մեր օրինապահ առօրեային մէջ գլխաւոր պատուիրանը. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգւովդ եւ ամբողջ մտքովդ» (Մտթ. 22,37):

«Ա՛յս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը», կը շեշտէ Քրիստոս: «Երկրորդն ալ նոյնքան կարեւոր է. «Պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս երկու պատուիրաններէն կախում ունի Օրէնքը» (Մտթ. 22,38-40), ինչպէս նաեւ մեր ամէնօրեայ կեանքը…:

Աստուածսիրութեան եւ եղբայրսիրութեան «մեծագոյն պատուիրան»-ին համընթաց` պիտի դաւանինք Յիսուսի աստուածութիւնը:

Պիտի կատարենք Եկեղեցիին հրահանգներն ու պիտի պահենք անոր օրէնքները:

Պիտի չըլլանք ցուցամոլներ եւ աթոռասէրներ:

Պիտի կենցաղավարինք իբր եղբայրներ ու քոյրեր` զաւակներ Աստուծոյ:

Պիտի ընդունինք Աստուծոյ հայրութիւնը:

Պիտի հռչակենք Քրիստոսը` մեր Վարդապետը:

Մեր «մէջէն մեծը» պիտի ըլլայ մեզի «ծառայողը»:

Մեր անձերը պիտի խոնարհեցնենք, որ բարձրացնենք զանոնք:

«Ինքզինքը բարձրացնողը պիտի խոնարհի, իսկ ինքզինքը խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ» (Մտթ. 23,12):

Արդ, վերադառնամ մարտ 25-ի հրաշափառ ու սիրագեղ տօնին, որուն կարդացուած աւետարանին (Ղկ. 1,26-38) վերջաւորութեան` Մարիամ Կոյսը կը խոստովանի. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ»:

Նշանաւոր բառարանագիրը կը բացատրէ «աղախին» բառը. «… Կին, որ գտնւում էր տիրոջ լիակատար իշխանութեան տակ. ստրկուհի»: Մարիամ Կոյսը ա՛յսպէս ըմբռնեց իր կեանքը` հպատակ Տիրոջ ամբողջական կամքին:

Եւ ա՛յսպէս դարձաւ Աստուածածին:

Եւ ա՛յսպէս հռչակուեցաւ «Օրհնեալը բոլոր կիներուն մէջ»:

Եւ ա՛յսպէս դաւանուեցաւ բարերար Տիրամայրը:

Եւ ա՛յսպէս գովուեցաւ ուրախաբաշխ Այցելուն:

Եւ ա՛յսպէս օրհնուեցաւ անոր հաւատքը:

Ինքզինքը խոնարհեցնողը միայն չի բարձրացներ իր անձը` զայն արժանի դարձնելով բացառիկ վիճակներու եւ շնորհներու, այլ նաեւ կը շահի, ինչպէս Մարիամ Կոյսը շահեցաւ, Աստուծոյ վրայ հիմնուած այն ինքնավստահութիւնն ու խորազնին տեսողութիւնը, որոնց շնորհիւ կը կարողանայ ապրիլ իր կեանքը` իբրեւ օրհներգութիւն, ուրախութիւն եւ ապահովութիւն. «Անձս կը փառաբանէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծով` իմ Փրկիչովս: Որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախինին խոնարհութեան» (Ղկ. 1,47):

Ինքզինքը խոնարհեցնողը միայն չի բարձրացներ իր անձը` զայն արժանի դարձնելով բացառիկ վիճակներու եւ շնորհներու, այլ նաեւ կը շահի, ինչպէս Մարիամ Կոյսը շահեցաւ, Աստուծոյ հանդէպ այն զօրաւոր համոզումն ու հաւատքը, որոնք անհրաժեշտ եւ բուժարար են առօրեային մէջ, թէ` «Հզօրը մեծ սքանչելիքներ կ՛ընէ ինծի, եւ Անոր անունը ՍՈՒՐԲ է» (Ղկ. 1,49):

 

Այնճար, 27 մարտ  2012                      

 

Share this Article
CATEGORIES