Եւրօ – 2012. Բացման Եւ Փակման Հանդիսութիւններուն Տեւողութիւնը Պիտի Ըլլայ 15 Եւ 10 Վայրկեան

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Եւրօ-2012-ի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի ազդանշանին տրուելէն 69 օր առաջ, Եու. Է. Էֆ. Ա.ն վերջնականապէս ընտրած է այն ընկերութիւնը, որ պիտի զբաղի բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն դասաւորումները կատարելով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ TM News, այդ ընկերութիւնը պիտի ըլլայ «Ֆիլմմասթըր Իվենթց/Ֆիլմմասթըր Կրուփ» ընկերութիւնը, որ նմանօրինակ կարեւոր իրադարձութիւններ կազմակերպելու մեծ փորձառութիւն ունի:

Բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ` 15 եւ 10 վայրկեան: Բացման օրը (Լեհաստանի մէջ) (8 յունիս) ներկայ պիտի ըլլան 800 կամաւորներ, իսկ փակման (Ուքրանիոյ մէջ) օրը` դարձեալ նոյնքան:

Նշենք, որ փակման հանդիսութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը, որ պիտի տեւէ 25 վայրկեան:

 

Share this Article
CATEGORIES