Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Խաղերու Ցուցահանդէս-Վաճառքին Նախաձեռնութիւնները Կը Շարունակուին. Մակի Ծաղկազարդի Առիթով Խանդավառ Մթնոլորտ Ստեղծեց Մանուկներուն Մօտ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսին ծիրին մէջ կիրակի, 1 ապրիլ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մանկական երգերու մեկնաբան Մակի Ծաղկազարդի տօնը վերածեց մանուկներուն համար անմոռանալի օրուան մը:

Մեծ թիւով մանուկներ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ ժամանած էին սրահ` երգով ու պարով ուրախանալու համար: Մանկական երգերու մեկնաբան Մակի երգեց Զատկուան յատուկ, հայ գիրքին եւ այբուբենին նուիրուած, ինչպէս նաեւ շարք մը մանկական երգեր` մանուկներուն մօտ ստեղծելով անսահման ուրախութիւն:

Մանուկները հայերէն երգերով Ծաղկազարդի իրենց ամէնէն գեղեցիկ հագուստները հագած եւ մանկական անմեղ ժպիտներով հետեւեցան Մակիի ցուցմունքներուն, պարեցին, երգեցին, զուարճացան եւ անմոռանալի յիշատակներով վերադարձան իրենց տուները:

Յայտնենք, որ անցնող ուրբաթ օր տարրական բաժինի աշակերտներ գեղարուեստական ներկայացումներով ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Իսկ չորեքշաբթի, 4 ապրիլին, նախակրթարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտներ չորս լեզուներով ընթերցանութեան մրցումին պիտի մասնակցին: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէսը կը շարունակուի այս շաբաթ ալ:  Եզրափակիչ հանդիսութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ միջնակարգի գիրքերու պատրաստութեան մրցանակը եւ նախակրթարանի ընթերցանութեան մրցումի արդիւնքներն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենան երկուշաբթի, 9 ապրիլին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES