Հաղորդագրութիւն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ քոլեճի պարի երեք խումբերը, որոնք շաբաթ, 31 մարտ  2012-ին  մասնակցեցան Լեռնալիբանանի պարի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ արձանագրեցին հետեւեալ պատուաբեր արդիւնքները.

– Լիբանանեան «տապքէ» – փոքրերու երկսեռ խումբ – առաջին  դիրք:

– Արաբական արտայայտչական պար – մեծ աղջիկներ – առաջին դիրք:

– Արաբական արտայայտչական պար – փոքր աղջիկներ – երկրորդ դիրք:

Այսպիսով, երեք խումբերն ալ կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան` Լիբանանի պարի ախոյեանութեան աւարտական մրցումներուն:

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր խումբերուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES