Արթուր Աբրահամ` Եւրոպայի Ախոյեան
Շաբաթ, 31 մարտին, Գերմանիոյ Քիել քաղաքին մէջ գտնուող «Սփարքասըն Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փիթըր Վիլշեւսքին:
Այս ճակատումը անցաւ ակնկալուածէն շատ աւելի «տաք» մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ որ լեհ կռփամարտիկը շատ վարպետօրէն կը խուսափէր Արթուր Աբրահամի հարուածներէն:
Սակայն 12-րդ ռաունտէն ետք, իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Աբրահամին` 118-109, 118-109 եւ 119-108 արդիւնքով: Այսպիսով, Աբրահամ հանդիսացաւ WBO-ի Եւրոպայի ախոյեան:
Այս ճակատումէն ետք Աբրահամ ըսաւ. «Ասիկա ինծի համար իսկապէս ծանր մենամարտ մըն էր: Ինծի համար կարեւոր են այսպիսի ճակատումներ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ իմ յաջորդ մրցումս պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար: Շնորհակալութիւն` բոլոր համակիրներուս»:
Այսպիսով, Աբրահամ իր կատարած 37-րդ մրցումին արձանագրեց իր 34-րդ յաղթանակը, մինչ անոր մրցակիցը իր կատարած 33-րդ մրցումին կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը:

