Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Իսթիքլալի Եւ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ (Լեռնալիբանանի նահանգ) երէկ` կիրակի, 1 ապրիլին, Քասքասի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Իսթիքլալ մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ իր կատարած նախորդ երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր` իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելով եւ ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտը, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` շնորհիւ Յակոբ Գուճանեանի, Աւօ Յարութիւնեանի (2 կոլ) եւ Ժաք Պէրպէրեանի նշանակած կոլերուն:
Նշենք, որ նշանակուած չորս կոլերուն ալ փոխանցումները կատարեց Վաչէ Ղուկասեան:
CATEGORIES Մարզական


