Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Հայ մրցանակակիրները

Նանօր Առնելեան, Քարինա Քարակիւլէեան,
Քարլօ Դարբինեան Եւ Հրակ Գըլըպոզեան Եւս Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան

Շաբաթ, 31 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ ամբողջացաւ Լիբանանի ճատրակի 2012-ի տարիքային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:

Երկու շաբաթ առաջ Հրակ Լախեան եւ Նարօտ Գըլըպոզեան հանդիսացած էին ախոյեան, յաջորդաբար տղոց 8 եւ աղջկանց 10 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:

Աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեանին անունը վճռուած չէր, որովհետեւ Նանօր Առնելեան եւ Լիակ Մարտիրոսեան ապահոված էին 3,5-ական կէտ: Թայ-պրէյքի մրցումին, Առնելեան 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Սինթիա Թաշճեան 2 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը:

Հրակ Լախեան

Քարլօ Դարբինեան

12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Քարլօ Դարբինեան` ապահովելով 5 կէտ: Յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Հասան Զորապի (4,5 կէտ) եւ Օմար Ուուայեք (4,5 կէտ): Հայկ Աւետիս հանդիսացաւ 4-րդ (4  կէտ), իսկ Արի Աւետիս` 5-րդ (4 կէտ): Փասքալ Պետրոսեան հանդիսացաւ 10-րդ (3,5 կէտ):

Հրակ Գըլըպոզեան

Նարօտ Գըլըպոզեան

Ինչ կը վերաբերի 14 տարեկանէն վար դասակարգին, Հրակ Լախեանի նման (8 տարեկանէն վար) առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով, Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ Հրակ Գըլըպոզեան: Յաջորդաբար, 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ռալֆ Խէյրալլա (5 կէտ) եւ Մեթիու Մուաքտիեհ (4 կէտ): Շանթ Տեքճեան 3 կէտ ապահովելով գրաւեց 9-րդ դիրքը:

Աղջկանց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, ախոյեան հանդիսացաւ Քարինա Քարակիւլէեան, որ ապահովեց 5 կէտ, երրորդ հանդիսացաւ Վանիա Թաշճեան (3,5 կէտ):

Նանօր Առնելեան

Աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, երկրորդ դիրքը գրաւեց Միրէյ Թաշճեան` ապահովելով 3 կէտ:

Իսկ տղոց 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Նարեկ Նաճարեան գրաւեց երկրորդ դիրքը (4 կէտ)` կէս կէտով ետ մնալով Մոհամետ Համատէն:

Փափաքելի պիտի ըլլար նաեւ, որ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ եւս հայ մը ըլլար Լիբանանի ախոյեան, բայց այդ տիտղոսին տիրացաւ Համզա Մրատ (6 կէտ): Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Լեւոն Գալայճեան (5 կէտ) եւ Կարէն Խալոյեան (5 կէտ):

 

Share this Article
CATEGORIES