Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Վլատիմիր Յակոբեան Ապահովեց Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին Մասնակցելու Իր Տոմսը
Շաբաթ, 31 մարտին, Փլովտիւի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի հաւաքականի փորձառու կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան յաջողեցաւ յաղթել ռուս Ալեքսանտր Խալիֆմանին եւ իր կէտերուն ընդհանուր գումարը հասցուց 8-ի: Թէեւ ան գրաւեց 12-րդ դիրքը, սակայն յաջողեցաւ ապահովել աշխարհի բաժակի մրցաշարքին մասնակցելու իր տոմսը: Նշենք, որ անոր նման 8 կէտ ապահովեցին նաեւ 12 ուրիշներ:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Տիմիթրի Եաքովենքօ, որ ապահովեց 8,5 կէտ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 348 ճատրակ խաղացողներ:
Ստորեւ կու տանք Հայաստանի ներկայացուցիչներուն արձանագրած արդիւնքները.
ԿԷՏ
12.- Վլատիմիր Յակոբեան 8
31.- Գաբրիէլ Սարգսեան 7,5
36.- Սերկէյ Գրիգորեանց 7,5
40.- Հրանդ Մելքումեան 7
52.- Տիգրան Լ. Պետրոսեան 7
62.- Զաւէն Անդրէասեան 7
69.- Արթուր Գաբրիէլեան 6,5
74.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան 6,5
94.- Արման Փաշիքեան 6,5
95.- Սերկէյ Մովսիսեան 6
113.- Սամուէլ Տէր Սահակեան 6
156.- Յովհաննէս Կապուզեան 5,5
319.- Վլատիմիր Պօղոսեան 3,5


