Ֆրանսայի Ծայրայեղ Աջին Եւ Իսլամական Կազմակերպութեանց Միջեւ Բուռն Բանավէճ
Ֆրանսայի նախագահութեան ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային Ճակատ կուսակցութեան թեկնածու Մարին Լը Փեն պահանջեց Ֆրանսայի մէջ լուծարել Իսլամական եղբայրներուն մօտիկ եղող կազմակերպութիւնները:
Լը Փեն յայտնեց, որ «ֆրանսացի պաշտօնատարները իսկապէս կը կարծեն, որ Ֆրանսայի Իսլամական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը եթէ ոչ ահաբեկիչներուն, ապա ծայրայեղականներուն մօտիկ են»: Իսլամական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը Եւրոպայի մէջ մեծագոյն իսլամական համայնքը ունեցող Ֆրանսայի մեծագոյն իսլամական կազմակերպութիւնն է: Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ իսլամներու թիւը շուրջ չորս միլիոն է:
Նշեալ դաշնակցութիւնը հակազդելով Լը Փենի յայտարարութեան յայտարարեց, որ դատարան պիտի դիմէ այն մեղադրանքով, որ «Լը Փենի յայտարարութիւնները ատելութիւն կը հրահրեն»` նշելով, որ անոր պահանջները «անարժէք են»:
Միւս կողմէ, ֆրանսական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ 20-ամեայ տղամարդ մը, որ հրապարակաւ Թուլուզի մէջ մարդասպանութիւններու շարք մը գործած Մոհամետ Մերայի գործողութիւններուն հաւանութիւն տուած էր, դատապարտուած է բանտարկութեան` «ահաբեկչութիւնը արդարացնելու» մեղադրանքով:
Թուլուզի մէջ դատարանը Մոհամետ Ռետա Ղեզալին երեք ամիս բանտարկութեան դատապարտած է «ազգային պառակտում հրահրելու» եւ «ահաբեկչութիւնը արդարացնելու» յանցանքով:
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը Ղեզալին ձերբակալած է փողոցը` 22 մարտին յատուկ գործողութեան մը ընթացքին Մերային սպաննելէն ժամեր ետք: Ղեզալի վիրաւորած էր ոստիկանները եւ հրապարակաւ հաւանութիւն տուած Մերայի կատարածին:
«Մոհամետ իմ հերոսս է, ափսոս, որ ան բաւականաչափ ժամանակ չունեցաւ իր գործը աւարտին հասցնելու համար», ըսած էր ան:
23-ամեայ Մոհամետ Մերա Թուլուզի մէջ եօթը մարդ սպաննած էր` երեք զինուորներ, հրէական դպրոցի երեք աշակերտներ եւ ուսուցիչ մը:
29 մարտին, հակառակ հասարակական բողոքին, Թուլուզի մերձակայ իսլամական գերեզմանատան մէջ կայացած էր Մերայի յուղարկաւորութիւնը:


