Ազրպէյճանի Գնած Զինուորական Սարքերու Ցանկը Հրապարակուեցաւ
Սթոքհոլմի Խաղաղութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկը հրապարակած է աշխարհի տարածքին զէնքերու առեւտուրի մասին տեղեկագիր մը, ուր կը նշուի, թէ Ազրպէյճան 2008-էն ի վեր Իսրայէլէն սկսած է զէնքեր գնել:
Ըստ ուսումնասիրութեան տուեալներուն, 2008-ին Ազրպէյճան Իսրայէլէն գնած է 10 անօդաչու թռչող սարքեր, իսկ 2010-ին` Ազրպէյճանի մէջ կազմուելու համար գնած է այդպիսի սարքերու տասը այլ կտորներ, 2011-ին գնուած են երկու անօդաչու թռչող սարքեր:
Ըստ 2011-ին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան մը, Իսրայէլ Ազրպէյճանին վաճառած է նաեւ «Պարաք-8» տիպի հրթիռային համակարգ մը, ինչպէս նաեւ անոր համար գործածուելիք 75 հրթիռներ, ռատար մը, հականաւային հրթիռներ (քանակութիւնը չէ հրապարակուած), նաեւ «Հերոն» եւ «Սըրչըր» տիպի հինգական հրթիռներ:
Հարաւային Ափրիկէի հետ զինուորական գործակցութեան ծիրին մէջ Ազրպէյճան 2009-2011-ին գնած է 25 «Մաթատոր» եւ 55 «Մորաթըր» տիպի զրահապատ փոխադրակառքեր, 2009-2010-ին գնած է «Քոպրա» տիպի 60 զրահապատ փոխադրակառքեր, իսկ 2011-ին 107 միլիմեթր տրամաչափի երեսուն ինքնագնաց հրթիռներ:
2010-ին Ազրպէյճան Ռուսիայէն գնած է «Էս-300» տիպի հակաօդային հրթիռային երկու համակարգեր, իսկ 2011-ին` համակարգ մը եւս: Այդ համակարգերուն համար գնուած են 112 հրթիռներ: Ազրպէյճան 2010-ին Ռուսիոյ հետ նաեւ համաձայնագիր ստորագրած է գնելու «Մի-35» տիպի 24 ուղղաթիռներ եւ «Մի-8 Էմ» տիպի 60 ուղղաթիռներ, որոնց մէկ մասը արդէն յանձնուած է:

