Եւրոպական Խորհրդարանը Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՛Ուղղէ Թուրքիոյ
Եւրոպական խորհրդարանը, երեսփոխաններու ձայներուն մեծամասնութեամբ, ուրբաթ, 30 մարտին վաւերացուցած է Թուրքիոյ առնչուող զեկուցում մը, որուն մէջ կը պահանջուի ճանչնալ ու յարգել երկրին մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները: Նաեւ կը պահանջուի երաշխաւորել փոքրամասնութեանց մայրենի լեզուն սորվելու իրաւունքը:
Զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա պէտք է աշխուժօրէն շարունակէ բանակի եւ դատաիրաւական համակարգին հետ կապուած բոլոր բարեփոխումները, եւ կը շեշտուի, թէ Անգարա պէտք է արտօնէ զինուորականներուն, որ դատուին նաեւ քաղաքացիական դատարաններու մէջ:
Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան մարզերուն մէջ Թուրքիոյ թերացումներուն:
Իր կարգին, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու հետապնդումները, եւ մտահոգութեամբ նշած է, որ ժողովրդավարութեան մարզին մէջ նահանջ կը նկատուի Թուրքիոյ մէջ:


