Քոնկրեսական Շփէյըր Ոգեկոչած Է Սումկայիթի, Կիրովապատի Եւ Պաքուի Մէջ Սպաննուած Հայերուն Յիշատակը
Ամերիկացի քոնկրեսական Ճեքի Շփէյըր Ներկայացուցիչներու տան մէջ խօսք մը արտասանելով Սումկայիթի (1988), Կիրովապատի (1988) եւ Պաքուի (1990) ջարդերու զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցած է:
Իր խօսքին մէջ ան յոյս յայտնած է, որ խօսելով այդ վայրագութիւններուն մասին, ան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ ժողովրդավարական լուծման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը վերահաստատելու պիտի օգնէ:
Ըստ Շփէյըրի, իրեն համար անընդունելի է այն փաստը, որ նոյնիսկ մեր օրերուն աւելի քան 25 տարի անընդմէջ հայերը Ազրպէյճանի կողմէ հալածանքներու ենթարկուած են:
Մէջբերելով Թոմաս տէ Վաալի «Սեւ այգի» գիրքը` ան նշած է, որ այնտեղ հեղինակը «լաւագոյնս նկարագրած է ազրպէյճանցիներու վայրագութիւնները»: Շփէյըր յայտնած է, որ իրեն համար ամէնէն զարմանալին այն է, որ այդ դաժանութիւնները կատարած ազրպէյճանցիներէն ոչ մէկը պատասխանատուութեան ենթարկուած է:
Ան յայտարարած է, որ ժամանակը եկած է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նպաստեն անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան ու ինքնորոշման:
Ըստ քոնկրեսականին, այս տարելիցը պէտք է ծառայէ իբրեւ յիշեցում, որ այլեւս կարելի չէ լռել:
«Եկէ՛ք այս պահուս յիշենք բոլոր անոնք, որոնք զոհուած են Սումկայիթի, Կիրովապատի ու Պաքուի մէջ եւ խոստանանք, որ թոյլ պիտի չտանք, որ ապագային որեւէ տեղ ցեղային մաքրագործում կատարուի», ըսած է ան:


