ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. Այ.Փետ Կոչուած Համակարգիչի Նորագոյն Տեսակը Կրնա՞յ Յեղաշրջել Օթիզմէ Տառապող Մանուկներուն Սորվելու Կարողութիւնները

Յունուարի կէսերուն օթիզմէ տառապող մանուկներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, վերջերս օթիզմէ տառապող մանուկներու կողմէ հետզհետէ բոլորին մատչելի դարձող Այ.Փետ կոչուած համակարգիչի նոր տեսակի մը գործածութիւնը դրական որոշ փոփոխութիւններ յառաջացուցած է անոնց վարուելակերպին մէջ:

Նշեալ համակարգիչին մէջ արձանագրուած կարգ մը ծրագիրներ նպաստած են, որպէսզի օթիզմ ունեցող մանուկներ կարենան իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այլ մարդոց վրայ, ինչպէս նաեւ` անոնց կարիքներու վրայ երեւոյթ մը, որ գրեթէ բացակայ է նշեալ մանուկներուն մօտ:

Օթիզմէ տառապող մանուկներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող կեդրոնի մը գլխաւոր պատասխանատուն` բրիտանացի մասնագէտ Ռիչըրտ Միլզ ըսած է, թէ նման արհեստագիտութիւն մը առիթ ընձեռած է, որպէսզի մասնագէտներ կարենան որոշ յառաջխաղացք արձանագրել օթիզմը հասկնալու գործընթացին մէջ: Այսուհանդերձ, անիկա նպաստած է, որպէսզի մասնագէտներ յաւելեալ տեղեկութիւն հաւաքեն օթիզմ ունեցող մանուկներուն մտածած ձեւին մասին` նկատի ունենալով, որ անոնք սովորական մանուկներէն տարբեր ընդունակութիւն ունին: Այսպէս, օրինակ, անոնց տեսողական յիշողութիւնը բաւական զարգացած է. հետեւաբար Այ.Փետի նման սարք մը կը մղէ, որպէսզի անոնք կարենան ցոյց տալ իրենց» ունեցած այդ կարողութիւնը:

Վարուելակերպի Ուշագրաւ
Բարելաւում

Մասնագէտները օթիզմ ունեցող մանուկներուն համար պատրաստուած համակարգիչի յատուկ ծրագիր մը արձանագրած են Այ.Փետին մէջ եւ զայն փորձարկած են օթիզմէ տառապող խումբ մը մանուկներու վրայ: Այսուհանդերձ, անոնք վարուելակերպի ուշագրաւ բարելաւում նկատած են նշեալ մանուկներէն ոմանց մօտ:

Այսպէս, օրինակ, վեց տարեկան Վերոնիքա Ռոսփիկլիոսի, որ սորվելու լուրջ դժուարութիւն ունի, ինչպէս նաեւ ընկերային տարբեր կացութիւններու հետ ընտելանալու հարցեր կը դիմագրաւէ, սկսած է խաղալ, խնդալ ու ինքզինք զբաղեցնել Այ.Փետին մէջ արձանագրուած այդ ծրագիրին միջոցով:

Երեք տարի առաջ Վերոնիքան ամբողջութեամբ կորսնցուցած է խօսելու եւ կամ բառեր արտասանելու իր կարողութիւնը: Այսուհանդերձ, մասնագէտները հաւանական գտած են, թէ Այ.Փետը կրնայ անոր արտայայտուելու միակ միջոցը հանդիսանալ, նոյնիսկ եթէ անիկա երբեք չկարենայ վերստին խօսիլ:

Այ.Փետը նպաստած է նաեւ, որ մասնագէտները կարենան որոշ գաղափար մը կազմել Վերոնիքային ունեցած գիտելիքներուն մասին:

Այ.Փետին մէջ արձանագրուած յատուկ ծրագիրին պատրաստութիւնն ու անոր փորձարկումը գլխաւորող բրիտանացի հոգեբան տոքթ. Սիւ Ֆլեչըր-Ուաթսըն ըսած է, թէ պաստառին դպչելով բանող Այ.Փետի նման համակարգիչի տեսակները սորվելու ու հաղորդակցութեան մէջ մտնելու միջոց հայթայթած են օթիզմէ տառապող մանուկներուն` նկատի ունենալով, որ անոնց գործածութիւնը համընկնած է իրենց ունեցած կարողութիւններուն:

Մասնագէտները նկատած են, թէ Վերոնիքան արագօրէն ընտելացած է Այ.Փետին մէջ արձանագրուած համակարգիչի ծրագիրին, որ խաղի պարունակին մէջ եղած է, սակայն միեւնոյն ատեն մղած է, որպէսզի անիկա որոշ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ եւ պատասխանէ պաստառին վրայ երեւցող հարցումներուն, որոնք պատկերազարդ բնոյթի եղած են:

Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր ճիշդ պատասխանէ ետք Վերոնիքան նշան մը ստացած է, եւ երբ հինգ նշաններ հաւաքած է, հասած է երաժշտութեան տուփիկին, ուրկէ մանուկներու յատուկ երաժշտութիւն մը հնչած է: Նման տեսակի «վարձատրութիւն» մը մղած է, որպէսզի անիկա հետեւի խաղին եւ պատասխանէ հարցումներուն:

Մատչելի` Նոյնիսկ Երկու Տարեկան
Մանուկներուն

Տոքթ. Ֆլեչըր-Ուաթսըն նշած է, թէ որքան կանուխ տեղի ունենայ օթիզմ ունեցող մանուկներուն վիճակը բարելաւող միջոցներուն գործադրութիւնը, այնքան աւելի արդիւնաւէտ կը դառնան այդ միջոցները: Հետեւաբար նշեալ մանուկներուն կողմէ Այ.Փետին գործածութիւնը նպաստած է, որպէսզի մասնագէտներ կարենան հաղորդակցութեան միջոց ստեղծել շատ փոքր մանուկներու հետ` նկատի ունենալով, որ անիկա մատչելի է նոյնիսկ երկու տարեկան մանուկներուն:

Տոքթ. Ֆլեչըր-Ուաթսըն աւելցուցած է նաեւ, թէ մասնագիտականօրէն պատրաստուած համակարգիչի այդ ծրագիրը մղած է, որպէսզի օթիզմ ունեցող մանուկներ կարենան առօրեայ պարզ աշխատանքներ կրկնել բազմաթիւ անգամներ, ինչ որ նպաստած է, որ անոնք վարժուին շատ աւելի դիւրութեամբ կատարելու նման աշխատանքներ:

Մասնագէտ Միլզ ըսած է, թէ Այ.Փետի արհեստագիտութիւնը կրնայ յեղաշրժել օթիզմ ունեցող մանուկներուն հաղորդակցած ձեւը, սակայն ո՛չ բոլորին պարագային` նկատի ունենալով, որ նման վիճակի մէջ եղող տարբեր մանուկներ ունին տարբեր կարիքներ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է պատրաստել համակարգիչի տարբեր ծրագիրներ` գոհացնելու համար բոլորին կարիքները:

Ծրագիրներու Համադրումը`
Անհրաժեշտ

Մասնագէտ Միլզ յանձնարարած է նաեւ, թէ նշեալ մանուկներուն ծնողները անպայմանօրէն հետեւին իրենց զաւակներուն վիճակով զբաղող մասնագէտներուն ցուցմունքներուն` իրենց զաւակները Այ.Փետին գործածութեան վարժեցնելու գծով:

Օթիզմ ունեցող մանուկներուն յատուկ եղող կարգ մը վարժարաններու մէջ արդէն իսկ սկսած է Այ.Փետի գործածութիւնը: Այսուհանդերձ, մասնագէտ Միլզ անհրաժեշտ գտած է, որ նշեալ վարժարաններուն մէջ գործածուող Այ.Փետի տեսակն ու անոր պարունակած ծրագիրները համընկնին տան մէջ գործածուող Այ.Փետին տեսակին ու պարունակած ծրագիրներուն` մանուկներուն մօտ յաւելեալ շփոթ չյառաջացնելու համար:

Ան ըսած է նաեւ, թէ օթիզմ ունեցող մանուկներուն ծնողները պէտք է միշտ հետամուտ ըլլան հետեւելու Այ.Փետին եւ կամ ընդհանրապէս համակարգիչի սարքերուն առջեւ իրենց զաւակներուն անցուցած ժամանակին` նկատի ունենալով, որ երկար ժամեր այդ սարքերուն առջեւ մնալը կը նեղացնէ զիրենք եւ անոնց մեծ մասը կարողութիւնը չունի արտայայտելու իր զգացածը:

Անշուշտ նման զգուշացում մը ուղղուած է նաեւ բոլոր մանուկներուն ծնողներուն:

Կրկնութիւնները Կը Կատարուին`
Վստահութիւն Ներշնչելու Համար

Մասնագէտները յայտնած են, թէ Վերոնիքային վարուելակերպին մէջ յառաջացած դրական փոփոխութիւնը շօշափելի ապացոյց մը տուած է անոր սորվելու կարողութիւններուն մասին. բան մը, որ նախապէս կարելի չէր եղած գիտնալ:

Տոքթ. Ֆլեչըր-Ուաթսըն Այ.Փետին ու անոր մէջ արձանագրուած համակարգիչի յատուկ ծրագիրին յաջողութիւնը վերագրած է օթիզմ ունեցող մանուկներուն սորվիլ ուզելու ձեւին: Այսուհանդերձ, նման ծրագիր մը, որքա՛ն ալ մասնայատուկ կերպով, պատրաստուած ըլլայ օթիզմ ունեցող մանուկներուն համար, ապա անիկա կրնայ չհամընկնիլ բոլորին պահանջներուն:

Ան բացատրած է նաեւ, թէ հարազատներ ու բարեկամներ յաճախ փաղաքշական խօսքերով ու ժպիտներով կը քաջալերեն մանուկները, սակայն օթիզմ ունեցող մանուկները չեն հասկնար քաջալերանքի նման արտայայտութիւններէ:

Միւս կողմէ, սակայն, ան նշած է, թէ Այ.Փետերն ու համակարգիչի նման տեսակներ կը նպաստեն, որպէսզի օթիզմ ունեցող մանուկները զարգանան սորվելու գործընթացը տարբեր ձեւերով քաջալերող յատուկ միջավայրի մը մէջ:

Մասնագէտները ըսած են, թէ Այ.Փետին մէջ արձանագրուած համակարգիչի յատուկ ծրագիրին մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւեն կրկնութիւնները, որոնք օթիզմ ունեցող մանուկներուն վստահութիւն ներշնչելու նպատակով եղած են եւ ո՛չ թէ` սորվեցնելու նպատակով, նկատի ունենալով, որ անոնց մօտ ինքնավստահութեան պակասը թոյլ չի տար, որ անոնք կեդրոնանան, սորվին: Հետեւաբար, որքան անոնք ինքնավստահ դառնան, այնքան աւելի արագօրէն կ՛ըմբռնեն իրենց սորվածը:

Պէտք է նշել նաեւ, թէ անոնք ունին մտային այնպիսի՛ կարողութիւններ, որոնք յաճախ կը գերազանցեն սովորական մանուկներուն ունեցած կարողութիւնները:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ., ՀԵԼԹ ՏԷՅ» եւ «Ա.ԷՖ.ՓԷ.)

Share this Article
CATEGORIES