ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. Մայրերուն Ձայնը Կրնայ Նպաստել Կանխահաս Ծնունդ Ունեցող Երեխաներուն Շնչառութեան Ու Սրտի Զարկերուն Կանոնաւորման

Մարտի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ կանխահաս ծնունդ ունեցող երեխաներուն մօտ յառաջացած անկանոն շնչառութիւնն ու սրտի զարկերը կրնան բարելաւուիլ, երբ այս վերջինները լսեն իրենց մօտ ձայնն ու սրտին զարկերը:

Նկատի ունենալով, որ կանխահասօրէն ծնած երեխաներուն մարմնին տարբեր օրկանները բաւարար աճած չեն ըլլար, այսուհանդերձ անոնց մօտ բարձր կ՛ըլլայ թոքերու ու սրտի հետ առնչուած տարբեր հարցերու յառաջացման վտանգին տարողութիւն: Այսպէս,օրինակ, անոնք յաճախակիօրէն շնչասպառ կ՛ըլլան աւելի քան քսան երկվայրկեան եւ կամ անոնց սրտին զարկերը ուշագրաւ կերպով կը նուազին:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են Պոսթընի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կանխահասօրէն ծնած տասնչորս երեխաներ, որոնք ծնած են 26-32 շաբթուան եղած ատեն: Նշեալ երեխաները, որոնք մասնագէտներու անմիջական հսկողութեան տակ պահուած են, օրական չորս անգամ լսած են մասնագէտներու իրենց մօր ձայնն ու սրտին զարկերը, որոնք արձանագրուած ու լսելի դարձած են իրենց` իւրաքանչիւրին մահիճին մէջ տեղադրուած յատուկ սարքի մը միջոցով:

Մասնագէտները նկատած են, թէ նշեալ երեխաները նուազ յաճախականութեամբ սրտի անկանոն զարկեր ունեցած են եւ կամ շնչասպառ եղած են, երբ իրենց մօր ձայնն ու սրտին զարկերը լսած են, քան` երբ հիւանդանոցին սովորական ձայներով շրջապատուած են:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Ամիր Լահաւ խոստմնալից գտած է ցարդ ձեռք ձգուած արդիւնքները եւ ըսած է, թէ կանխահաս ծնունդ ունեցող ա՛յն երեխաներուն մօտ, որոնց լսողական համակարգը լաւապէս զարգացած եղած է, ապա մօր ձայնն ու սրտի զարկերը ամէնէն աւելի ազդած են իրենց շնչառութեան ու սրտի զարկերուն կանոնաւորման վրայ:

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Լահաւ նշած է, թէ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած են միայն տասնչորս կանխահաս ծնունդ ունեցող երեխաներ, ինչ որ բաւարար չէ վերջնական եզրակացութիւններ կատարելու: Հետեւաբար ան անհրաժեշտ գտած է նկատի ունենալ շատ աւելի մեծ թիւով կանխահաս ծնունդ ունեցող երեխաներ`  վերջնականացնելու համար նշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ., ՀԵԼԹ ՏԷՅ» եւ «Ա.ԷՖ.ՓԷ.)

Share this Article
CATEGORIES