Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարան

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի հայ քոյրերը սերունդներու բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան իրենց առաքելութեան մէջ առաջնահերթ կը նկատեն նաեւ մօր դերը` հաւատալով, որ մայրը իր կեանքով, նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ մեծագոյն դաստիարակն է զաւակներուն:

Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը փափաքեցան գարնան առաջին օրը մեծարել վարժարանին սիրելի մայրերը եւ այս առիթով հրաւիրեցին Մխիթարեան ուխտէն Գրիգորիս վրդ. Սէրէնեանը, որ դասախօսէ մօր մասին:

21 մարտ, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, վարժարանի սրահին մէէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպում-դասախօսութիւնը:

Անի Եփրեմեան կատարեց ձեռնարկին բացումը եւ իր խօսքին մէջ յիշեց, որ երբ գարունը Աստուծոյ հրաշալիքն է, աշխարհի տօներէն ալ ամենասուրբը մայրերու տօնն է: Ապա Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը» ասմունքելէ ետք, հրաւիրեց օրուան բանախօսը:

Գրիգորիս վրդ. Սէրէնեան այս հանդիպումին հրապարակային իր յարգանքն ու սէրը փոխանցեց մայրերուն` փոխարէն իրենց այնքան զոհողութիւններուն եւ նուիրումին ու լուսարձկաի տակ առաւ տիպար հայ մօր դերը եւ ըսաւ. «Մայր մը ինքզինք պէտք է կատարելագործէ, որովհետեւ մայր բառին մէջ կայ մատեան մը, ուր կարելի է կարդալ անսպառ գորով, գուրգուրանք եւ զոհողութիւն»:

Ան շարունակեց` ըսելով. «Մայրութիւնը անթառամ սիրոյ վրայ պէտք է հիմնուի, որովհետեւ առողջ դաստիարակութեան հիմը սէրն է եւ մօր մը ջերմ շունչին տակն է, որ կը ծլի ընտանեկան երջանկութիւնը»:

Օրուան բանախօսը շեշտեց` ըսելով, որ հայ մօր շնորհնուած է կեանքի ժամանակ մը, որուն ընթացքին ան գիտնայ փոխանցել մեր ազգային ժառանգութիւններն ու աւանդութիւնները իր զաւակներուն, որոնց վրայ պէտք է ցոլան այս հարստութիւնները:

Ան իր խօսքին աւարտին մայրերու ուշադրութեան յանձնեց, թէ իրենք իրենց բարքով, վարքով եւ օրինակելի կենցաղով լաւագոյն եւ կենդանի օրինակներն են իրենց հոգեհատորներուն եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ մայրեր, թոյլ տուէք այսօր, որ խոնարհինք ձեր գերազանց զոհողութեանց առջեւ եւ ըսենք, որ ամէն մայր ալ մասամբ Մարիամ է, իսկ հայ մայրերը` շատ բան աւելի»:

Դասախօսութեան աւարտին հարցումներու առիթ տրուեցաւ, որ ստեղծեց հետաքրքրական եւ շինիչ մթնոլորտ:

Հուսկ, վարժարանի տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան պատգամախօսին` շահեկան դասախօսութեան համար եւ անոր յանձնեց յուշանուէր մը:

Տնօրէնուհի քոյրը եզրակացուց` ըսելով, որ սէրը ըլլայ հիմնաքարը դաստիարակչական աշխատանքին մէջ, որովհետեւ մօր սիրտը հրաշքներու անսպառ աղբիւր է:

Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեամբ, ձեռնարկը փակուեցաւ ժամը 12:30-ին:

Share this Article
CATEGORIES