Վատնուած Տաղանդ. Յունաստանի Գործազուրկ Երիտասարդ Մեծամասնութիւնը

Աթէնքի բողոքի ցոյցերուն ակնառու էր ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը

Յունաստանի երիտասարդներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը աշխատանքէ զրկուած է: Ասիկա եւրոգօտիի որեւէ երկրի համար ամէնէն վատ ցուցանիշն է: Շատեր պետութեան կողմէ լքուած կը զգան եւ յուսախաբ են ու զայրացած:

Էմիլիօ Փափաս կը բանայ բարձր, երկաթեայ դարպասը իր ապօրինի ձեւով արտագործած կալուածին, կեդրոնական Աթէնքի Էքսարհիա հրապարակին մօտ, բացայայտելու համար հինգ յարկանի շէնք մը, բարձր առաստաղներով եւ մեծ սանդղարանով:

«Ասիկա ամբողջ հանրութեան առողջութեան համար վտանգ է, լեցուն` սատկած թռչուններով, նեխած ջուրով եւ որդերով», կ՛ըսէ Փափաս ընկերային ապահովագրութեան լքուած գրասենեակին մասին, որ ինք այժմ բնակարան կ՛անուանէ:

«Ըստ Յունաստանի պետութեան, ես գոյութիւն չունիմ»

Ճորճ Քուցելաս, 60 տարեկան

Վերջին քանի մը ամիսներուն Յունաստանի մէջ գործազուրկներուն թիւը ոստում արձանագրեց: Աշխատանքէ զուրկ երիտասարդները 51.1 առ հարիւր են, եւ Էմիլիօ Փափաս անոնցմէ մէկն է:

Ան կը ժպտի, երբ կը խոստովանի, որ իրավիճակին հեգնանքը զինք չէ շրջանցած. բնակիլ ընկերային ապահովագրութեան նախկին գրասենեակին մէջ, երբ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ ոեւէ այլ ապօրինի հողակալ վճարում ըրած է ազգային ապահովագրութեան:

Անցեալ տարի Փափաս եւ գործազուրկ իր ընկերներէն խումբ մը, 18-32 տարեկան երիտասարդներ, քանի մը ամիս տքնեցան շէնքը բնակելի դարձնելու համար:

Ապօրինի կալուածատէրերէն իւրաքանչիւրը իր սեփական յարկաբաժինը ունի, եւ անոնք կը ծրագրեն գետնայարկը օգտագործել իբրեւ համայնքային կեդրոն` շրջանին համար:

Անոնք նաեւ բացած են իրենց դռները աւելի տարեց բնակիչի մը` 60-ամեայ Ճորճ Քուցելասի, որ այլապէս անօթեւան պիտի մնար:

«Ես իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին աշխատած եմ, սակայն իմ վարպետներէս ոչ ոք ինծի համար ազգային ապահովագրութիւն վճարած է, այնպէս որ, ես կենսաթոշակ կամ նպաստներ չունիմ: Ըստ Յունաստանի պետութեան, ես գոյութիւն չունիմ», կ՛ըսէ Քուցելաս:

Գործազրկութեան նպաստ Յունաստանի մէջ տրամադրելի է միայն այն անձերուն, որոնք ազգային ապահովագրութեան մասնակցած, վճարած են, եւ քանի որ բազմաթիւ երիտասարդներ երբեք աշխատանք չեն ունեցած, իրաւունք չունին դրամական աջակցութեան:

Նոյնիսկ անոնք, որոնք գործազրկութեան թոշակ ճշդած ամսական 360 եւրօ վճարում կը ստանան, կը տեսնեն, որ տարի մը ետք այդ վճարումները դադրած են:

Ատկէ ետք Յունաստանի մէջ գործազուրկները լքուած են` առանց դրամական աջակցութեան, կամ անվճար բժշկական խնամքի:

«Յեղափոխութեան» Մասին Զրոյցներ

Գործազուրկ վկայեալ մասնագէտ մը` Քացարէա

Տնտեսագիտութեան վկայական ունեցող 27-ամեայ Էլենի Քացարէա գործազուրկ է եւ մտահոգ է, որ առանց աշխատանքի պիտի մնայ, երբ քանի մը ամիսէն իր նպաստը դադրի:

«Ես կը փորձեմ ատոր մասին չմտածել, որովհետեւ շատ կը ճնշուիմ», կ՛ըսէ Քացարէա, որ իր ընտանքէն առաջին համալսարանականը ըլլալով` բնաւ միտքէն չէր անցուցած, որ վերջաւորութեան պետութենէն կախեալ կրնար ըլլալ:

Բայց այսօր Յունաստանի մէջ երեք համալսարանաւարտներէն մէկը առանց աշխատանքի է, եւ գործազուրկ համալսարանաւարտներուն թիւը կրկնապատկուած է:

«Ես վկայեալ եմ, քանի մը լեզու կը խօսիմ, բան մը ունիմ տալիք հայրենիքիս, բայց անոնք չեն ձգեր ինծի, հնարաւորութիւններ չկան», կ՛ըսէ Քացարէա:

Երբ աշխատանք չի փնտռեր, Էլենի Քացարէա կը մեկնի քաղաքին կեդրոնը, ուր գրեթէ ամէն օր ցոյցեր կան:

«Համակարգին մէջ յստակօրէն աճող զայրոյթ կայ

Նիք Մալթուցիս, «Քաթիմերինի» օրաթերթ

«Ես կ՛ուզեմ հանրային հաշուեքննութիւն մը տեսնել այս պարտքին, զոր անոնք մեզմէ կը պահանջեն, որ վճարենք», կը պոռայ Քացարէա, ցոյցին աղմուկին մէջ:

Իրարու միջեւ խօսակցութեան նիւթը յեղափոխութեան մասին է:

Նիք Մալթուցիս` անգլիատառ «Քաթիմերինի» օրաթերթի փոխ խմբագիրը, կ՛ըսէ, որ Յունաստան երիտասարդութեան գործազրկութեան առումով վտանգաւոր կէտի հասած է:

Ան կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ երիտասարդներ, թակարդուած են իրավիճակի մը մէջ` առանց աշխատանք ունենալու եւ իրենց տեսակէտները ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններէ զուրկ:

«Յստակօրէն կայ աճող կուտակուող զայրոյթ մը համակարգին մէջ, եւ դուք չէք կրնար կանխատեսել, թէ ճնշումը ինչպէ՛ս ինքզինք պիտի դրսեւորէ, սակայն կրնաք վստահ ըլլալ, որ ատիկա հաճելի պիտի չըլլայ», կ՛ըսէ ան:

Ուղեղներու Արտահոսք

Աշխատանքի հնարաւորութիւններու բացակայութեան հանդէպ զայրոյթը երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ կը սաստկանայ այն զգացումով, որ իրենք լքուած են պետութենէն, որ շատ քիչ աջակցութիւն կը տրամադրէ իրենց:

Գործազրկութեան տեղական գրասենեակները կը փակուին` իբրեւ հետեւանք հանրային ծախսերու կրճատումին, եւ այն գրասենեակները, որոնք բաց են, քիչ կամ ոչ մէկ խորհուրդ կու տան աշխատանք ճարելու վերաբերեալ:

Աշխատանքի նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար` Աննա Սթրաթինաքի կը խոստովանի, որ նախարարութիւնը կը պայքարի պինդ բռնելու համար հանրային մարզի ամբողջական վերակազմակերպման ծրագիրները:

«Սովը մի՛ ստորագնահատեր», գրած է երիտասարդ մը պատին վրայ

«Երիտասարդները պէտք է տոկոնութիւն, խիզախութիւն եւ համերաշխութիւն դրսեւորեն, որպէսզի միասնաբար յաղթահարենք այս դժուար ժամանակաշրջանը», կ՛ըսէ ան:

Բայց տոկունութիւնը, խիզախութիւնը եւ համերաշխութիւնը վարձքը չեն վճարեր, եւ ուրեմն շատ աւելի զարգացած եւ թերաւարտ երիտասարդներուն համար ապագան արտասահման է:

Թէեւ վիճակագրութիւններ չկան երկիրը լքողներու թիւերուն վերաբերեալ, սակայն 2010 թուականի հետազօտութիւններ կը նշեն, որ արտերկրի մէջ ուսանող յոյներուն 85 առ հարիւրը չի ծրագրեր հայրենիք վերադառնալ:

Աթէնքի միջազգային օդակայանին մէջ 25-ամեայ Կրիկորիս Փանայոթոփուլոս կը ստուգէ իր պայուսակները` պատրաստուելով մեկնելու Թրիեսթ, Իտալիա, ուր իբրեւ երկրաչափ աշխատանք ճարած է:

«Ո՛վ գիտէ, ասկէ տասը տարի ետք կրնայ ըլլալ, որ ես որոշեմ աշխատանքս ձգել եւ Յունաստան վերադառնալ, բայց ներկայիս ես կը ծրագրեմ վերջնական մեկնիլ», կ՛ըսէ Կրիկորիս: Ան կ՛աւելցնէ. «իմ յանցանքս, մեղքս չէ, որ Յունաստանի տնտեսութիւնը տագնապի մէջ է, ուրեմն ինչո՞ւ ես պիտի վճարեմ գինը»:

Կրիկորիս Փանայոթոփուլուս մեկնած ատեն հետը կը տանի իր հմտութիւններն ու կրթութիւնը, ուսումը: Յունաստանի համար վտանգը այն է, որ ուղեղներու արտահոսքը կրնայ երկիրը զրկել տնտեսութիւնը վերակառուցելու ատակ տարրերէ:

Գործազրկութեան Սպիներ

Բայց մեկնելու միջոցներ չունեցող բազմաթիւ երիտասարդներու համար, իրենք առանձին մնացած են: Անոնցմէ մէկն է ընկերային ապահովագրութեան լքուած գրասենեակը ապօրինի իւրացուցած է Էմիլիոս Փափաս, որ կ՛ըսէ, թէ նախապէս կառավարութեան պատկանած այսպիսի 70 շէնքեր կան, որոնք այժմ ապօրինի իւրացուած են:

«Անհրաժեշտ է, որ մարդիկ իրենց համար նախաձեռնութիւններ ընեն, որովհետեւ պետութիւնը իր սրտին մէջ միայն իր լաւագոյն շահերը ունի», կ՛ըսէ ան:

Իրականութեան մէջ աշխատանքի հնարաւորութեան բացակայութեան առնչութեամբ Յունաստանի կառավարութիւնը շատ քիչ բան կրնայ ընել, մինչեւ այն ատեն որ իր ձեռքերը կապուած են այնպիսի խոստումներով, զորս ինք տուած է պիւտճէի բացը նուազեցնելու, ծախսերը կրճատելու առնչութեամբ, պարտքերու մարման գումարներ ստանալու փոխարէն:

Փաստեր կան հաստատող, որ իրենց երիտասարդութեան երկար ատեն գործազուրկ մնացած անձեր նուազ ինքնավստահ են եւ իրենց կեանքին մէջ, հետագային, քիչ նուաճում ընելու հակում ունին: Մասնագէտները ասիկա «գործազրկութեան սպի» կ՛անուանեն:

Ուրեմն, արդեօ՞ք Յունաստան ապագային համար խանգարուած սերունդներ կը կուտակէ:

«Քաթիմերինի» օրաթերթի փոխխմբագիր Նիք Մալթուցիս կը վախնայ, որ այդպէս կրնայ ըլլալ:

«20 տարիքը բոլորած երիտասարդներ վերջաւորութեան այն զգացումը պիտի ունենան, որ իրենք անօգուտ են, պիտանի չեն, եւ ապա շատ դժուար է փոխել հոգեբանութիւնը», կ՛ըսէ ան:

ՔԼՕԷ ՀԱՃԻՄԱԹԷՈՒ

«Պի. Պի. Սի.»

 

Share this Article
CATEGORIES