ՍԼԱՔ . Անգործութիւնը Դարմանելու Հնարք Մը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աֆղանիստանի, Փաքիստանի ու ընդհանրապէս ամերիկեան ուժեր «հիւրընկալող» երկիրներու մէջ յաճախակի դարձած ձախաւերութիւններն ու անմեղ զոհեր պատճառող միջադէպերու բազմացումը նկատի ունենալով` ամերիկեան իշխանութիւնները կը մտածեն (եղեր) յատուկ յանձնախումբ մը կազմել Սպիտակ տան, պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեանց ներկայացուցիչներէն` դիմակալելու համար ստեղծուած անախորժ կացութիւնները:
Յանձնախումբին պիտի թելադրուի (եղեր) գործել հետեւեալ տրամաբանութեամբ. ստեղծել պաշտօնական բանբերներու դասակարգ մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ իւրաքանչիւր ձախաւեր ու անբաղձալի միջադէպէ ետք, ներողութիւն խնդրել զոհերէն, անոնց ընտանիքներէն ու խնդրոյ առարկայ իշխանութիւններէն: Ծրագիրը նկատի ունի նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ ամերիկեան ուժեր մօտիկ կամ հեռու ապագային կրնան «հիւրընկալուիլ» նոր երկիրներու մէջ…
Ներողութեան հայցի ցանկը արդէն սկսած է երկարիլ. վերջին շրջանին արձանագրուած են հետեւեալները.
Ներողութիւն` առանց օդաչուի օդանաւերով կատարուած ռմբակոծումներու անմեղ զոհերուն համար:
– Ներողութիւն` սահմանային զօրակայանի մը վրայ կատարուած յարձակումի մը զոհ գացած դաշնակից զինուորներուն համար:
– Ներողութիւն` իսլամներու սրբազան աղօթագիրքէն` Քուրան-էն տգիտաբար հրկիզուած օրինակներուն համար:
– Ներողութիւն` աֆղաններու վրայ ամերիկացի զինուորի մը կրակ բանալուն եւ ներառեալ` մանուկներու սպանդին համար:
– Ներողութիւն` սպանեալ զինեալներու վրայ ամերիկացի զինուորներու միզելուն համար:
– Ներողութիւն…
Նման յանձնախումբի մը կազմութեան յանձնարարութիւններ պիտի կատարուին (եղեր) նաեւ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ պէս դաշնակիցներու: Ցանկին վրայ կրնայ աւելնալ Եմէնի անունը:
Այս ծրագիրը, արտաքին-յարաբերական իր երեսին կողքին, նաեւ պիտի նպաստէ (եղեր) Միացեալ Նահանգներու մէջ… անգործութեան համեմատութիւնը վար բերելու ճիգերուն:

