Կազմակերպութեամբ Լօխ-Ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին «Մանուկներու Իրաւունքներու Օր»-ուան Նուիրուած Իւրայատուկ Հաւաք
Ուրբաթ, 30 մարտը իւրայատուկ օր մըն էր լիբանանահայ մանուկներուն համար: Յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ համախմբուած էին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` նշելու համար «Մանուկներու իրաւունքներու օր»-ը:
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին տեղի ունեցած «Մանուկներու իրաւունքներու օր»-ուան հաւաքը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Սոյն հաւաքին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ հայ գիրերու գիւտէն ետք հայ գիրքը դարձաւ ազգային արժէք, որպէսզի հայ մանուկը պահէ իր ինքնութիւնը եւ հայկական դիմագիծը: Մարալ Հարպոյեան շեշտը դրաւ ԼՕԽ-ի դերակատարութեան վրայ` հայ իրականութեան այս յառաջատար կնոջական կազմակերպութիւնը ներկայացնելով իբրեւ մայր եւ դաստիարակ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ այս հաւաքով ԼՕԽ-ը կը ներկայացնէ հայ իրականութեան մէջ մանուկներու իրաւունքներուն վերաբերող առաջին հայերէն հրատարակութիւնը` մանկապատանեկան գիրքերու յայտնի հեղինակ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանի «Միեւնոյն աշխարհի մանուկներ» պատկերազարդ գրքոյկը, որ մեկենաս Ցոլինէ Խաչատուրեանի թոռներուն կողմէ 500 օրինակով նուիրուեցաւ հայկական վարժարաններու 4-րդ կարգի աշակերտներուն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան` ներկայացնելու համար իր հեղինակած «Միեւնոյն աշխարհի մանուկներ» գրքոյկը: Ան նշեց, որ աւելի քան 60 տարի առաջ ՄԱԿ-ը որդեգրեց մանուկներու իրաւունքները, սակայն 1985 թուականին աշխարհի զանազան երկիրներու ներկայացուցիչները համախմբուելով նշեցին, որ մանուկներուն համար անհրաժեշտ են յաւելեալ իրաւունքներ, անոր համար ալ որդեգրեցին Մանուկներու իրաւունքներու համաձայնագիրը:
Մանկավարժ, հոգեբան եւ «Վարագ» մատենաշարի հեղինակ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան «փաուըր փոյնթ»-ի ընկերակցութեամբ ներկայացուց գրքոյկին բովանդակութիւնը, որ երկու մանուկներու` Սերուժի եւ Պասմայի պատմութիւնն է: Գրքոյկը պատմողական սքանչելի ոճով մը կը ներկայացնէ երկու մանուկներուն կեանքը եւ անոր ընդմէջէն` Մանուկներու իրաւունքներու համաձայնագիրին զանազան յօդուածները: Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան ընդգծեց սակայն, որ հակառակ այս համաձայնագիրին որդեգրման, այսօր միլիոնաւոր մանուկներ աշխարհի տարածքին անօթութենէ, աղքատութենէ եւ այլազան մարտահրաւէրներէ կը տառապին: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան` գրքոյկի հրատարակման աշխատանքին վերջինիս ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ երգերով ելոյթ ունեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ, «Արեւիկ» մանկապատանեկան մրցումին 2-րդ հանդիսացած Մանէ Թորոյեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինի «Փոքրիկ աստղեր» յայտագիրին մասնակցած Կարօ Գալենտերեան եւ Գոհարիկ Գարակէօզեան:
Հաւաքի աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Սրբազանը սրահին մէջ գտնուող մանուկներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ «ընդհանրապէս այսպիսի սրահները մեծերու ձեռնարկներու յատկացուած կ՛ըլլան: Մտածեցի՞ք արդեօք, որ ինչո՞ւ մեծերու տեղերը գրաւած էք այսօր: Որովհետեւ պիտի մեծնաք եւ իրաւունքներ ունիք»: Առաջնորդ սրբազանը շեշտը դրաւ իբրեւ հայ մանուկ ապրելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ան «Մանուկներու իրաւունքներու օր»-ը առիթ նկատեց կոչ ուղղելու մեծերուն, որ մնան իրենց ծնողական պատասխանատուութեան տէրը` հայ մանուկը հայօրէն դաստիարակելու եւ խնամելու առումով:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ եթէ ներկայիս մանուկները իրաւունքներ ունին, սակայն ուժ չունին զանոնք պաշտպանելու, իսկ ծնողները յաճախ կը զլանան իրենց պարտականութիւնը կատարելու առումով, ապա ԼՕԽ-ի պէս կազմակերպութիւններ թիկունք կը կանգնին մանուկներուն:
Հաւաքի աւարտին Մարալ Հարպոյեան բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, գրքոյկի հեղինակ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանը, գրքոյկին պատկերազարդումը կատարած արուեստագէտ Ռազմիկ Պերթիզլեանը, մեկենաս Ցոլինէ Խաչատուրեանը, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ներկայացուցիչ Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեանը եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու քարոզչական յանձնախումբի անդամները` գրքոյկին գինեձօնը կատարելու համար:





