Փետրուարին Եւրոյի Գօտիին Մէջ Գործազրկութեան Համեմատութիւնը Բարձրացած Է
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոյի գօտիին մէջ գործազրկութեան համեմատութիւնը բարձրացած է 10.8 առ հարիւրի: Յունուարին այդ համեմատութիւնը 10.3 առ հարիւր էր: Ներկայ համեմատութիւնը 1999-ին միացեալ դրամանիշի որդեգրումէն ետք բարձրագոյնն է:
Գործազրկութեան բարձրագոյն համեմատութիւնը արձանագրուած է Սպանիոյ մէջ, ուր բնակչութեան 23.6 առ հարիւրը գործազուրկ է: Փորթուգալի մէջ այդ համեմատութիւնը 15 առ հարիւր է, Ֆրանսայի մէջ` 10 առ հարիւր, Իտալիոյ մէջ` 9.3 առ հարիւր:
Գործազրկութեան նուազագոյն համեմատութիւնները արձանագրուած են Աւստրիոյ մէջ ( 4.2 առ հարիւր), Հոլանտայի մէջ (4.9 առ հարիւր) եւ Գերմանիոյ մէջ (5.7 առ հարիւր):
15-էն 24 տարեկաններուն միջեւ եղող անձերու գործազրկութեան համեմատութիւնը 31.9 առ հարիւր է:
Մինչ այդ, անջատ տեղեկագիր մը ցոյց կու տայ, թէ փետրուարին Եւրոպայի մէջ արտադրողական գործունէութիւնը նուազած է: Այս առումով մասնաւորաբար տկար պատկեր կը պարզէ Ֆրանսա, ուր արտադրողական գործունէութեան համեմատութիւնը շուրջ երեք տարուան ժամանակաշրջանի մը վրայ իր նուազագոյն համեմատութեան վրայ կը գտնուի:

