Հունգարիոյ Նախագահը Բանագողութեան Պատճառով Հրաժարեցաւ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ նախագահ Փալ Շմիթ երեսփոխաններու առջեւ յայտարարած է, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն:
«Հունգարիոյ սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը պէտք է ազգին միասնութիւնը խորհրդանշէ: Ներկայ իրավիճակին մէջ, երբ իմ անձնական խնդիրներս չեն միաւորեր ժողովուրդը, իմ պարտքս է դադրեցնել ազգին ծառայելը եւ լքել երկրի ղեկավարի պաշտօնը», ըսած է ան:
Պաշտօնէն հրաժարելու պատճառը անոր դէմ բանագողութեան մեղադրանքներն են: Ան 1992-ին դոկտորայի թեկնածուական աւարտաճառ գրած ատեն արտագրած է այլ գիտնականի մը աշխատանքը:
Պուտափեշթի համալսարանի ղեկավարութեան որոշումով` 29 մարտին ան զրկուած էր գիտական աստիճանէն:
Շմիթ պաշտօնը լքելու իր մտադրութիւնը յայտարարած է, հակառակ անոր որ տակաւին 30 մարտին յայտնած էր, որ չի պատրաստուիր իր պաշտօնը լքել, որովհետեւ իր նախագահական պաշտօնին եւ քսան տարի առաջ գրուած գիտական աշխատանքին միջեւ կապ չի տեսներ:


