«Ֆոլքլանտեան Կղզիներուն Տագնապը Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքէն Այլ Լուծում Մը Չունի» Կ՛Ըսէ Տէյվիտ Քամերոն

Տէյվիտ Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Ֆոլքլանտի պատերազմի 30-ամեակին առիթով իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ «1982-ին այս օրը, Ֆոլքլանտեան կղզիներու բնակիչները ենթակայ դարձան բռնագրաւումի, որուն նպատակը անոնց ազատութիւնը խլել եւ անոնց կենցաղը փոխելն էր»:

Ան ընդգծեց, որ «կղզիներուն շուրջ տագնապը միայն բնակչութեան ինքնորոշման ճամբով պիտի լուծուի»` աւելցնելով, որ «այս որոշումը Բրիտանիա երեսուն տարի առաջ որդեգրեց եւ ապագային անկէ պիտի չշեղի»:

Բրիտանիոյ վարչապետը Արժանթինի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու որոշումը պաշտպանեց` յայտնելով, որ «մենք հպարտ ենք Ֆոլքլանտի մեր բնակչութեան դէմ գործուած մեծ սխալը սրբագրելու առնչութեամբ երկրին դերակատարութեան համար, եւ Ֆոլքլանտի բնակչութիւնը իրաւունք ունի ապագայով եւ 1982-էն ի վեր անոնց կառուցած ապահովութեամբ հպարտ ըլլալու»:

Քամերոն գովաբանեց բրիտանական ուժերը, որոնք օժանդակեցին արժանթինեան ուժերը կղզիներէն դուրս մղելու աշխատանքին եւ կղզիներուն վրայ բրիտանական վերահսկողութիւնը վերահաստատեցին` նշելով, որ «պատերազմի յիշատակի օրը ճակատումին զոհ դարձած 255 բրիտանացի զինուորները յիշելու օրն է», սակայն աւելցուց նաեւ, որ «պէտք է նաեւ յիշենք արժանթինեան ուժերու 649 զոհերը»:

 

Share this Article
CATEGORIES