Իրան Կրնայ Արեւմուտքի Ճնշումներուն Դիմանալ» Կ՛Ըսէ Ալի Աքպար Սալեհի
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանեան քարիւղ ներածող 11 երկիրները պատժամիջոցներէն զանց առնելը տակաւին չի նշանակեր, թէ արեւմտեան երկիրները փոխած են Իրանի նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը:
«Արեւմուտքը պիտի շարունակէ Իրանի վրայ բանեցուցած իր ճնշումները, մինչեւ որ սկսի անդրադառնալ, որ Իրանը, ինչպէս նախապէս, կը պահպանէ իր հզօրութիւնը ու չի հրաժարիր իր հիւլէական ծրագիրէն», ըսած է Սալեհի: Ան յայտնած է, որ Իրան պէտք է գիտնայ իր թշնամիներուն ծրագիրները եւ պատժամիջոցները դիմակայէ:
Միացեալ Նահանգներ յայտարարած են, որ 11 երկիրներ, որոնց շարքին` Եւրոպական Միութեան 10 անդամներ (Պելճիքա, Բրիտանիա, Չեխիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Յունաստան, Իտալիա, Հոլանտա, Լեհաստան, Սպանիա) եւ Ճափոն, Իրանի դէմ սահմանուած խիստ պատժամիջոցներէն զանց կ՛առնեն, որովհետեւ անոնք յաջողած են նուազեցնել իրանեան քարիւղի ներածման ծաւալները:
Ըստ 31 դեկտեմբերին տրուած որոշումին, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները մինչեւ 28 յունիս պէտք է ցոյց տան, որ «զգալիօրէն կրճատած են իրանեան քարիւղի գնման ծաւալները»:
Ըստ Սալեհիի, Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկրին համար չնչին խնդիրներ կը ստեղծեն, սակայն երկիրը պիտի շարունակէ իր ուղին: «Անոնք պիտի պարտուին, երբ մեր դիմադրութիւնը աւելի զօրանայ, սակայն անոնք տակաւին չեն հասած այդ կէտին», ընդգծած է Սալեհի` աւելցնելով, որ Իրան կրնայ Արեւմուտքի ճնշումներուն դիմանալ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 2006-2010 թուականներուն չորս անգամ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատած է` Թեհրանին կոչ ուղղելով դադրեցնելու իր հիւլէական ծրագիրը:


