50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ԱՊՐԻԼ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ
ԱՄՀ-Ի ՓՈԽ ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՐԱՎԱՐ ՖԱՀՄԻԻ

 

Գեղամ Քէօրօղլեան շքեղ ճաշասեղան մը սարքեց իր բնակարանին մէջ, զօր. Ապտել Ազըմ Ֆահմիի ի պատիւ, շաբաթ երեկոյ, մարտ 11:

Զօր. Ֆահմի Միացեալ Արաբ Հանրապետութեան ներքին գործոց փոխ նախարարն է, որ ներկայիս Նիւ Եորք կը գտնուի իր կնոջ հետ:

Ճաշասեղանին ներկայ էր նաեւ Միացեալ Արաբ Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի դեսպան Ռաֆիք Աշա եւ իր տղան` տէր եւ տիկին Ապտել Մաւկուտ Հասան, ՄԱՀ ՄԱԿ-ի լրագրական բաժնի տնօրէն տէր եւ տիկին Լեւոն Քէշիշեան, «Ահրամ» թերթի թղթակից:

Ներկայ էին նաեւ արժանթինահայ գրագիտուհի Այմէ Ռամաս Տէ Մեճիտ, ինչպէս նաեւ` Քէօրօղլեան ընտանիքի անդամները եւ ամերիկացի հիւրեր:

Զօր. Ֆահմի եւ իր կինը շատ գնահատեցին տիկին Քէօրօղլեանի համեղ հայկական սեղանը:

ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԸ
Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար տոքթ. Իւներ ամսոյս 13-ին այցելած է Ս. Փրկիչ հիւանդանոց եւ շրջած է «Յակոբեան» յարկաբաժինը,  գործողութեան սրահը եւ այլ մասեր: Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնած է տիրող կարգապահութեան եւ մաքրութեան համար եւ իր տպաւորութիւնները արձանագրած է պատուոյ տոմարին մէջ:

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Աշխարհահռչակ նուագահան-խմբավար Արամ Խաչատուրեան Վիեննայի մէջ արժանացաւ խանդավառ գնահատանքի, առաջնակարգ թատերասրահներուն մէջ, երաժշտասէր բազմութիւններու առջեւ:

Հայ նուագահանը պիտի այցելէ նաեւ Եգիպտոս: Այնուհետեւ, ըստ «Ռըվիւ տիւ Լիպան»ի, պիտի գայ նաեւ Լիբանան եւ Մամըլթէյնի նորաշէն թատերասրահին մէջ չորս անգամ պիտի ղեկավարէ իր գործերը:

ԵՐԿՐԱՉԱՓ Պ. ՉԱԼԵԱՆ
ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ

Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը, ջրաբանական ճիւղի մէջ մասնագիտանալու համար, իր ջրաբաշխական ճիւղի երկրաչափներէն Զարեհ Չալեանը ղրկած է Ֆրանսա: Նախարարութիւնը այդ ընտրութիւնը ըրած է` նկատի առնելով Զ. Չալեանի բացառիկ ընդունակութիւնն ու կարողութիւնը:

Զարեհ Չալեան առջի օր մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր պիտի մնայ ֆրանսական կառավարութեան հաշուոյն եւ պիտի լրացնէ իր 6 ամսուան ուսումնասիրութեան շրջանը:

ՀԱՅ ՄԸ` Գ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՈՃԻՐԻ ԶՈՀ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ

Պոսթընի մէջ (Մ. Նահանգներ) Գրիգոր Մարգարեան անուն 73 տարեկան հայ մը, որ հնավաճառի խանութ մը ունէր Շամըթ Էվընիւի վրայ, սպաննուած է մարտ 10-ին, խորհրդաւոր պարագաներու տակ:

Ոստիկանական տեղեկութեան համաձայն, Գրիգոր Մարգարեան 73 տարեկան, որ հնավաճառի խանութ մը ունէր քաղաքին մէջ, Շամըթ Էվընիւ, թիւ 181, սպաննուած է, մարտ 10-ին:

Մարտ 10-ի առաւօտեան Մարգարեան տեսնուած է իր խանութին մէջ, մինչեւ ժամը 10-ի պահերը: Ժամը 11-էն ետք, զոհին մէկ բարեկամը մտնելով խանութ, Մարգարեանը կը գտնէ ծանրօրէն վիրաւոր գլխէն, որ կը հեւար: Անմիջապէս կը փոխադրուի Սիթի Հոսփիթըլ, ուր քանի մը ժամ հազիւ ապրելէ ետք, կ՛աւանդէ հոգին:

Բժշկական քննութեամբ հաստատուած է, թէ զոհը գլխուն ստացած էր հինգ-վեց մուրճի հարուածներ: Արիւնոտ մուրճը գտնուած է ոճիրին վայրը:

ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Անցած կիրակի, 26 մարտ, Պուրճ Համուտի ՀԿԵՄ-ի ակումբին մէջ բացումը կատարուած է նոր գրադարանին: Ներկայ գտնուած է հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Պաթանեան գերապայծառ: Խօսք առած են Մանուէլ վրդ. Պաթագեան եւ Հրաչ Քաջարենց:

Պաթանեան գերապայծառ կտրած է աւանդական ժապաւէնը եւ մուտք գործած` գրադարանէն ներս: Այդ առիթով եղած են ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES