ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

Ռալֆ Եիրիկեան

«ԼԱՔՇԸՐԻ» ԱՄՍԱԳԻՐԸ «ՎԻՎԱՍԵԼ ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի
ՏՆՕՐԷՆ ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆԸ ՀՌՉԱԿԱԾ Է ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐԸ

Տարբեր ոլորտներու մէջ ամէնէն ներկայանալի գործիչները գնահատելու` երկրին զարգացման մէջ, անոնց ներդումը արժեւորելու եւ արձանագրած յաջողութիւնները խրախուսելու նպատակով «Լաքշըրի» ամսագիրը Հայաստանի մէջ սկսած է իրականացնել իր նախադէպը չունեցող մրցանակաբաշխութիւն մը, որուն «Տարուան բարերար» անուանակարգին մրցանակը շահած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Աւելի քան 500 թեկնածուներու միջեւ ընտրութիւն կատարելու համար նախ կատարուած է ծաւալուն ուսումնասիրութիւն, ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանք` անոնց գործունէութեանը հետեւելով եւ մասնագէտներու կարծիքները համեմատելով:

Նախագիծին երկրորդ հանգրուանին 22 հոգիէ բաղկացած դատական կազմը կատարած է թեկնածուներու նախնական ընտրութիւն` իւրաքանչիւր անուանակարգի մէջ ընտրելով երեքական թեկնածու:

«Տարուան մարդիկ» 2010 նախագիծի արդիւնքները յայտարարուած են երրորդ հանգրուանին` 1000 հոգիէ բաղկացած խումբի կարծիքներու հիման վրայ: Ամէն ինչ մասնագիտական մակարդակով իրականացնելու համար ներգրաւուած է նաեւ 40 փորձագէտ:

Զանազան ոլորտներու մէջ իրականացուցած ծրագիրներուն եւ երկրին տնտեսութեան զարգացման նպաստելուն համար «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան մրցանակ շահած է «Տարուան բարերար» անուանակարգին մէջ:

«Շնորհակալ եմ լրագրողներուն կատարած ուսումնասիրութեան եւ գնահատանքին համար: Մամուլի հետ կատարած հարցազրոյցներու ժամանակ բազմիցս յայտնած եմ, որ հասարակութեան նկատմամբ հոգատարութեան դրսեւորումը անհրաժեշտ է պատասխանատուութիւնը կարեւոր համարող կազմակերպութիւններու մէջ: Վստահ եմ, որ այս մշակոյթով առաջնորդուելու պարագային պիտի շահին բոլորը», յայտնած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«ԼՈՅՍ… ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ 80» ԳԻՐՔԸ

Յովհաննէս Պապիկեանի եւ Շուշանիկ Սահակեանի խմբագրութեամբ «Լոյս… Մհեր Մկրտչեան – 80» գիրքը կը խօսի Մհեր Մկրտչեան դերասանին մասին: Գրագէտ Ռուբէն Յովսէփեան յառաջաբանին մէջ կը նշէ. «Այս գիրքը, իր պարունակութեամբ եւ մատուցման կերպով […] ինծի կ՛օգնէ գոնէ քիչ մը ճանչնալ զայն եւ ամէնէն կարեւորը` նախապատրաստուիլ նորանոր բացայայտումներու…»:

Գիրքին մէջ մնայուն ներկայութիւն է Մհեր Մկրտչեանը իր «մենախօսութիւն-խոստովանութիւններով», արուեստի վերաբերեալ կարծիքներով, ինքնակենսագրական բացայայտումներով: Անցեալն ու ներկան կը հանդիպին հոս` դերասանին կայացած ու շարունակուող կերպարին մէջ: Ժամանակը ուղղութիւն եւ դէմք տուած է կերպարին` անոր ապրած խաղարկութիւններով ու կերտած մեծարուեստ դերերուն շնորհիւ: Խմբագիրները վերցուցած են անոր բեմական կեանքի վարագոյրը, ներկայացուցած են Մ. Մկրտչեանը` ունկնդրելով տարբեր առիթներով կատարուած անոր ձայնագրութիւնները:

Գիրքին արժանիքներէն մէկն է արուեստագէտի մտածումներուն եւ տագնապներուն բացայայտումը. ան կը խոստովանի, որ ինքզինք առասպել մը կը համարէր. «Ես ուզում եմ մարդկանց ժպիտով լուրջ բաներ ասել», ըսած է ան:

ԱՇԽԱՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԳԱՀԱՆ ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ
90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

Դասական երաժշտութեան սիրահարները Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ ունկնդրեցին անուանի դաշնակահարուհի Անուշ Նիկողոսեանին եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին կատարումները: Նշենք, որ նուագահանդէսը նուիրուած էր անուանի երգահան Էդուարդ Միրզոյեանի 90-ամեակին:

Միջազգային զանազան բեմերու վրայ հանդէս եկած եւ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած արուեստագէտները ներկաներուն ներկայացուցած են Մոցարթի, Ֆելիքս Մենտելսոնի եւ Էդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործութիւնները:

Յայտնենք, որ նուագախումբը համերգային տարբեր ծրագիրներով հանդէս պիտի գայ ապրիլին, մայիսին եւ յունիսին:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ 21-23 ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ԳԻՐՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ ապրիլ 21-23 տեղի պիտի ունենայ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս` կազմակերպութեամբ Հրատարակիչներու ազգային միութեան, որուն կ՛աջակցին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը եւ Խնկօ Ապոր անուան մանկապատանեկան գրադարանը: Հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեան նշած է, որ արդէն նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են: Ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 50 հրատարակիչներ` զանազան երկիրներէ: Անոնք պիտի ներկայացնեն վերջին տարիներու լաւագոյն հրատարակութիւնները:  Արդէն կայացած է նախնական համաձայնութիւն մը` Վրաստանի, Իրանի եւ Լիբանանի հետ: Մ. Կարապետեան յայտնած է, որ կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ գտնուող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մասնակցութիւն ես: Ըստ անոր, դեսպանատուները պիտի ներկայացնեն իրենց գրողներուն վերջին հրատարակութիւնները:

Ապրիլ 23-ը Գիրքի եւ հեղինակային իրաւունքի միջազգային օրն է: Ըստ Մ. Կարապետեանի, այդ օրը նախատեսուած են քանի մը ձեռնարկներ` գիրքերու շնորհահանդէսներ, գրողներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողով` նուիրուած հեղինակային իրաւունքին: Գիրքի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ հայկական տպագրութեան 500-ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակելուն ծիրին մէջ:

«ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾԻԱԾԱՆ» ԵՒ «ԵՐԿԻՐՆ ԻՄ ՄՈԼՈՐԱԿՆ Է»
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ «ԳԱՖԵՍՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

«Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ իրագործուած են «Արուեստի ծիածան» եւ «Երկիրն իմ մոլորակն է» նոր մանկական ծրագիրները` «Արմենթել» ընկերութեան աջակցութեամբ:

«Արուեստի ծիածան» ծրագիրի շրջանակին մէջ աշակերտները կարելիութիւն ունեցան մասնակցելու արուեստի եւ դասական երաժշտութեան վերաբերող զրոյցներուն: Մասնակցողներուն ներկայացուած է «Լուսնի սոնաթի» ստեղծման պատմութիւնը, Կոմիտասի արձանի խորհրդանիշը, ունկնդրած են Կոմիտասի եւ Պարոյր Սեւակի կենդանութեան օրերուն կատարուած ձայնագրութիւնները, ինչպէս նաեւ ծանօթացած են «Այտա» օփերայի ստեղծման մանրամասնութիւններուն: Ծրագիրը եզրափակած է անուանի «Արս Լունկան»:

«Երկիրն իմ մոլորակն է» ծրագիրը իրագործուած է ապակի ձեւաւորող Հենրիկ Նիկոյեանի ցուցահանդէսին շրջանակին մէջ: 6 – 12-րդ դասարանի աշակերտները ծանօթացած են բնապահպանական հարցերուն վերաբերող արուեստի նմուշներուն, իսկ «Ստեղծագործական սրահին մէջ» բնապահպանական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները ներկայացուած են ժամանակակից հարցերը: Ծրագիրին առաջին մասնակցողները դարձած են Նոր Խարբերդի թիւ 2 դպրոցին աշակերտները: Ցուցանմուշները դիտելէ ետք, բնապահպաններու աջակցութեամբ, փոքրիկները քննարկած են անտառներու պահպանութեան հիմնական հարցը, ինչպէս նաեւ մասնակցած են ստեղծագործական խորհրդաժողովին, որուն նպատակն էր կերտել յատուկ բնաբաններով աշխատանքներ:

ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՍՆՕՐԵԱԿԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՆԴԿԱԿԱՆ ԱՊՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ արդէն աւանդութիւն դարձած հնդկական ապրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքը տեղի պիտի ունենայ ապրիլի առաջին տասնօրեակին: Ցուցահանդէսին կազմակերպիչներն են Առեւտրական արդիւնաբերութեան պալատը եւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատունը: Ցուցահանդէսը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ «Տինամօ» մարզադահլիճին մէջ, ուր ներկայացուած են հնդկական արտադրութեան տարբեր ապրանքատեսակներ` մանկական հագուստ, ձեռքի աշխատանքներ, հնդկական զարդեր, կարպետներ եւ ծածկոցներ, նորաձեւ հագուստ, կաշիէ իրեր եւ այլն:

Ըստ Հայաստանի Առեւտրական արդիւնաբերութեան պալատի գործարարութեան վարչութեան նախագահ Մասիս Սարգիսեանի, ցուցահանդէսին նպատակն է աշխուժացնել հայ-հնդկական կապերը եւ նպաստել փոխադարձ ճանաչողութեան, ինչպէս նաեւ` խթանել արտածումը:

ՔՍԱՆ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՆԻ

Արարատեան հայրապետական թեմի եւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, քսան անուանի հայ գեղանկարիչներ պիտի այցելեն պատմական Հայաստանի մայրաքաղաք Անի: Այս մասին յայտնած է Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան համանախագահ Ղազար Միրզոյեան: Միջոցառումը պիտի իրականացուի Հայաստանի կառավարութեան Անի մայրաքաղաքի ստեղծման 1050-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ: «Գեղանկարիչները կարելիութիւն պիտի ունենան տեղւոյն  վրայ գեղանկարելու Անիի բնութիւնը, որմէ ետք պիտի վերադառնան Երեւան», նշած է ան: Հետագային նախատեսուած է կազմակերպել ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին ո՛չ միայն Անիի մէջ իրագործուած գործերը, այլ նաեւ այդ գեղանկարիչներուն կողմէ սեփական արուեստանոցներու մէջ նկարուած երկուական աշխատանք, իսկ այս ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ մայիսին: Ղ. Միրզոյեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ ներկայացուող աշխատանքները լոյս պիտի տեսնեն առաձին գիրքով, նաեւ անոնք նախատեսած են համապատասխան ձեւաւորումով 1050 հատ «Անի» քոնեաք արտադրել:

ԿԱՅԱՑԱԾ Է «ԱՐՏԱՒԱԶԴ» ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

27 մարտին, թատրոնի միջազգային օրը, Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ Թատերական գործիչներու միութեան ջանքերով տեղի ունեցած է «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութիւնը, որ նուիրուած եղած է դերասան Խորէն Աբրահամեանի ծննդեան 80-ամեակին:

«Լաւագոյն երիտասարդ դերասանուհի» անուանակարգին մէջ մրցանակ ստացած է Մարիամ Ղազանճեան: «Լաւագոյն երիտասարդ դերասան»` Եուրի Իգիթեան եւ Նարեկ Ներսիսեան: «Լաւագոյն երիտասարդ բեմադրիչ» ընտրուած է Լիլի Էլբակեանը, «Լաւագոյն երիտասարդական ներկայացում» անուանակարգին մէջ մրցանակներ շնորհուած են Արմէն Մելիքսեթեանին եւ Շուշան Գէորգեանին: «Լաւագոյն տղամարդ դերակատար» անուանակարգին մէջ «Արտաւազդ» մրցանակ յանձնուած է Հրաչեայ Յարութիւնեանին եւ Յակոբ Ազիզեանին: «Լաւագոյն կին դերակատարներ» հռչակուած են Էւելինա Շահիրեանը եւ Աննա Բալանդինան: «Երկրորդ կարգի լաւագոյն տղամարդ դերակատար» անուանակարգին մէջ մրցանակ յանձնուած է Արման Ղազարեանին եւ Արա Մաթեւոսեանին, իսկ «Երկրորդ կարգի լաւագոյն կին դերակատար»` Լուսինէ Կիրակոսեանին: «Լաւագոյն բեմադրիչ» ընտրուած է Վահէ Շահվերդեանը: «Լաւագոյն ներկայացումներ» անուանակարգին մէջ ընտրուած են Արմէն Խանդիկեանն ու Մարիօ Քարոտիին:

Խորէն Աբրահամեանի անուան մրցանակ յանձնուած է Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի դերասան Արմէն Մարութեանին:

«Թատերարուեստին արժանապատիւ ծառայութեան համար» մրցանակ ստացան` Կամօ Յովհաննիսեանը, Կրեթա Գալստեանը, Էմանուել Արաքսման-Մանուկեանը, Քաջազնունի Գիւրջինեանը:

Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան «Ոսկէ մետալ» յանձնուած են` Այտա Յովհաննիսեանին, Գուրգէն Կատաչիկին, Սամուէլ Խաչատրեանին, Հայկ Մնացականեանին, Եուրի Էլոյեանին եւ Ռոպերթ Յարութիւնեանին:

Նշենք, որ «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութեան աջակցած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:

ՄԱՅԻՍԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ԱՆԿԱԽ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Մայիս 28-30 Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Անկախ ժապաւէններու համահայկական առաջին փառատօնը, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի ոչ առեւտրական շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Արտաշէս Յովհաննիսեանը: Փառատօնի մասնակցութեան դիմումնագիրները կ՛ընդունուին մինչեւ Մայիս 15, իսկ ցարդ ներկայացուած է 14 դիմումնագիր:

Փառատօնին ժապաւէնները պիտի արժեւորուին երեք խմբաւորումներով` հիմնական խմբաւորման ժապաւէնին տեւողութիւնը 1 – 10 վայրկեան, իսկ երկրորդը` մէկ վայրկեան, երրորդը` ուսանողական ժապաւէններ:

Դատական կազմին մաս կը կազմեն շարժապատկերի նշանաւոր բեմադրիչներ եւ փաստագրագէտներ: Լաւագոյն հինգ ժապաւէնները օգոստոս 20 – 28 Լիւքսամպուրկի մէջ պիտի մասնակցին համաշխարհային Ոչ առեւտրական շարժապատկերի միութեան շարժապատկերի փառատօնին:

2010-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՅՑԵԼԱԾ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ
ԹԻՒԸ ՀԱՍԱԾ Է  684 ՀԱԶԱՐԻ

2010 թուականին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը 18,9 առ հարիւր աճ արձանագրած է` այցելուներուն թիւը հասցնելով 684 հազարի. այս մասին յայտնեց Հայաստանի հանրապետութեան տնտեսութեան փոխնախարար Արա Պետրոսեան:

Համաշխարհային զբօսաշրջութիւնը 2010-ին 4,5 տոկոսով աճ արձանագրած է, երբ 2009-ին 4,7 տոկոսով անկում արձանագրած էր: Իսկ Հայաստանի ներքին զբօսաշրջութիւնը աճ արձանագրած է 3 – 4 տոկոսով:

Այս աճը արդիւնքն է քանի մը գործօններու, որոնցմէ են «Սի. Էն. Էն.»ի եւ «Եուրոնիուզ»-ի միջոցով ծանուցողական արշաւները. նախացեալ տարի «Հայաստան. Նոյի երկիր» վաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ այդ երկիրներուն մէջ տարբեր փառատօներու ընթացքին: Ասկէ բացի, երկու հիմնական տուեալներու որակի բարձրացումը պատճառ դարձաւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման, անոնք են` ենթակառոյցները եւ մարդկային աղբիւրները: Հայաստան հանրածանօթ է պատմամշակութային զբօսաշրջութեամբ, բայց ատիկա կը սահմանափակէ զբօսաշրջային եղանակը, այս իմաստով պետութիւնը քանի մը տարիէ ի վեր կը զարգացնէ նաեւ զբօսաշրջային այլ ընտրանքային տեսակներ, ինչպէս` ձմեռնային մարզաձեւերու եւ առողջարանային զբօսաշրջութիւնը: Այս բոլորը եւ նոր շուկայի մէջ ծանուցումներու արշաւները պատճառ դարձած են Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման:

Փոխնախարարը անդրադարձած է զբօսաշրջային ծառայութիւններու գիներու նուազումին, այսինքն Հայաստանի մէջ սուղ չեն պանդոկներուն, թանգարաններու, երթեւեկի եւ սնունդի գիները:

Ապագայ ծրագիրներու մէջ կառավարութիւնը նպատակ ունի Սեւանայ լիճի շրջակայքին մէջ լեռնադահուկային զբօսաշրջութեան համար ենթակառուցուածքներ ստեղծելու, Տաթեւի, Ջերմուկի, Ծաղկաձորի մէջ զարգացման ծրագիրներ որդեգրելու: Հայաստան պիտի շարունակէ մասնակցիլ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն, տարածել ծանուցողական ժապաւէններ, կազմակերպել ճանաչողական այցելութիւններ դէպի Հայաստան, կազմակերպել փառատօներ: Փոխնախարարը նշեց, որ` «Մեզի համար 2011-ին 800 հազարի  մօտ զբօսաշրջիկ ունենալը ծրագրային նպատակ է, որ կը կարծեմ, թէ իրատեսական ցուցանիշ է»:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES