Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Նախագիծին Հեռանկարները Պիտի Քննարկուին

Ռամազ Նիքոլայիշվիլի

Վրաստանի ենթակառոյցներու եւ շրջանային քաղաքականութեան նախարար Ռամազ Նիքոլայիշվիլի երէկ Պուլկարիոյ ենթակառոյցի եւ թեքնիք հաղորդակցութեան նախարար Իվայլօ Մոսքովսքիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ ապրիլի վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին կառուցուող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի հեռանկարները:

«Մենք համաձայնեցանք հանդիպումին շուրջ, որուն ընթացքին պիտի քննարկենք շրջանի փոխադրամիջոցային հեռանկարները, նախ եւ առաջ` երկաթուղիով բեռներու հոսքը», յայտնած է ան:

Նիքոլայիշվիլի ընդգծած է, որ երկաթուղին շրջանի երկիրներուն համար մեծ նշանակութիւն ունի, անիկա թոյլ պիտի տայ մեծցնել Եւրոպայէն դէպի Ասիա փոխադրամիջոցային հոսքը:

«2013-ին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին շահագործումէն ետք այդ գիծը կարելի է լիովին բեռնել», ըսած է նախարարը:

Երկաթուղիին 76 քիլոմեթրը պիտի անցնի Թուրքիոյ, 29 քիլոմեթրը` Վրաստանի տարածքով: 2013-ին շահագործուող երկաթուղիին բեռնափոխադրումը պիտի կազմէ տարեկան 17 միլիոն թոն: Սկզբնական հանգրուանին այս ցուցանիշը պիտի ըլլայ 6.5 միլիոն թոն:

2007-ին Ազրպէյճան Վրաստանին 200 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրած էր շինարարութեան ֆինանսաւորման եւ երկաթուղիի վրացական մասին վերանորոգման համար: Հետագային տրամադրուեցաւ նաեւ այլ վարկ մը` 575 միլիոն տոլարի, 25 տարիով` տարեկան 5 առ հարիւր տոկոսով: Վարկը պիտի վճարուի երկաթուղիին շահագործումէն ստացուած գումարներով:

 

Share this Article
CATEGORIES