Տոլմապահչէի Մէջ Էրտողան Քլինթընի Հետ Հանդիպում Մը Ունեցած Է

Քլինթըն եւ Էրտողան

Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ, Թուրքիոյ վարչապետական գրասենեակին մէջ 1 ապրիլին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումը:

News.az կայքէջը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յղում կատարելով կը հաղորդէ, որ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ հետ կապուած իրադարձութիւնները, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 13-14 ապրիլին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «5+1» երկիրներու եւ Իրանի հանդիպումին օրակարգն ու շրջանային այլ խնդիրներ:

Share this Article
CATEGORIES