Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր դատական հարց յարուցեց 9 յանցագործներու դէմ, որոնք ամբաստանուած են դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կատարելու յանցանքով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի ամբողջ հոգը սուրիական վարչակարգի պաշտպանութիւնն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան լուծարման հիմնական գաղափարը յղացած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի` վայելելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան զօրակցութիւնը:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընտրական օրէնքին քննարկումը պիտի վերսկսի Աւստրալիա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութենէն ետք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ կրնայ հրահրել զէնք ունեցող քաղաքական կողմը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ տարակարծութիւններ ունի եւ ոչ թէ գժտութիւն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին քննարկումը պիտի վերսկսի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր կոչ ուղղեց որդեգրելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որ պիտի գործադրուի միջակ ընտրաշրջաններու մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը ձախողած է` աւելցնելով, որ Դամասկոսի դէմ գործող կողմերը կորսուած վիճակի մէջ են:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր պահանջները ապահոված է` աւելցնելով, որ իրեն համար վարչապետ Միքաթիի գրաւները յստակ չեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յայտարարած բարեկարգումի արշաւը պիտի շարունակուի` ահաբեկչութեան վերջ տալու կողքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգն էր, որ հրահանգած էր լիբանանեան բանակին դէմ կրակ բանալ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Աթեֆ Մաժտալանի դիտել տուաւ, որ ընտրական օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնները տակաւին քննարկումի ենթակայ են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան գոյատեւումին մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հաստատումներն են հիմնական պատճառները ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի վարուելակերպին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարումին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր ձախողութիւնը փաստած է բոլոր մակարդակներուն վրայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի միջեւ սկիզբ առած է նոր յարաբերութիւն մը` Ռատուան Սէյիտի միջնորդութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ինք յոռետես է համամասնական դրութեան վրայ հիմնուելիք ընտրական օրէնքի մը վաւերացման առնչութեամբ` աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանը բարեկարգումի առումով բաւական անյարմար հանգրուան մըն է:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը կը պատրաստուի իր յաջորդ նիստին ընթացքին կարգ մը  նշանակումներ կատարել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Պէյրութի թաղապետերու լիկան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը` քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու առումով:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ պէտք է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին, որովհետեւ անիկա է Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պաշտպանող կառոյցը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաքելութիւնը Լիբանանի կառավարութիւնը թիրախ դարձնելն է, անկախ անկէ, որ կառավարութիւնը արդիւնաւէ՞տ է, թէ՞ ոչ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որովհետեւ վերջինիս նպատակն է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի քաղաքական ներկայացուցչութեան հարուած հասցնել:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրները յուզող հարցեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES