Սելիմ Հըս Այցելեց Միւֆթի Քապպանիի
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Տար Ֆաթուայէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Հըս յայտնեց, որ շրջանին մէջ վերջնական լուծում մը տակաւին չէ գտնուած` աւելցնելով, որ այդ լուծման յանգիլը բաւական ժամանակ պիտի խլէ:
Հըս ընդգծեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին դէմ կատարուած յարձակումը անտեղի է, եւ կոչ ուղղեց վերջ տալու այդ ցեխարձակումներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան