Նախարար Սապունճեան Նախագահեց Տագնապներու Եւ Համաշխարհայնացման Վերաբերող Խորհրդաժողովին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ բացումը կատարեց Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած տագնապներու եւ համաշխարհայնացման ու անոնցմէ քաղուելիք դասերուն վերաբերող խորհրդաժողովի մը:

Իր արտասանած խօսքին մէջ, Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց գիտական եւ մասնագիտական բնոյթի խորհրդաժողովներուն կայացումը` նշելով, որ անոնք կարծիքներու փոխանակման յարմար առիթներ կը ստեղծեն, ինչպէս նաեւ նպաստաւոր մթնոլորտի մը մէջ կը ջանան հանդուրժողականութեան կարելիութիւն ստեղծել:

Այս շրջագիծին մէջ, նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանէն կը պահանջուի բարելաւել իր իշխանութիւնը, որպէսզի ան կարելիութիւն ունենայ դիմագրաւելու իրեն դէմ ծառացող տագնապները:

Share this Article
CATEGORIES