Մանսուր Ընդունեց Սպանիոյ Դեսպանը Եւ Եւրոպական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Մանսուր եւ Սպանիոյ դեսպանը

Հանդիպումէն ետք Կաֆօ յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքներուն, Սուրիոյ ներքին տագնապին, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարի Լիբանան կատարած այցելութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման հեռանկարները:

Կաֆօ յայտնեց, որ Սպանիոյ արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարարը կը միտի միջինարեւելեան շրջապտոյտ մը կազմակերպել` նկատի ունենալով նաեւ Լիբանանը, աւելցնելով սակայն, որ այդ այցելութեան համար տակաւին թուական մը չէ նախատեսուած:

Կաֆօ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ տագնապին լուծման պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին առիթ մը տալ: Ան մաղթեց, որ այդ ծրագիրը յաջողի եւ սուրիական տագնապը լուծուի երկխօսութեան ճամբով:

Միւս կողմէ, Մանսուրի այցելեց նաեւ եւրոպական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Վերոնիք տը Քէյզերի:

Մանսուր ընդունեց պրազիլացի պատուիրակ Սեզարիօ Մելանթոնիօ Նեթոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մանսուր ընդգծեց, որ Պրազիլ պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու Լիբանանին` քարիւղի եւ բնական կազի պեղման իր առաքելութեան մէջ:

Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES