ՊԸՐՐԻ – ՆԵԹՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Պրազիլի յատուկ պատուիրակ Սեզարիօ Մելանթոնիօ Նեթոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Ռոպերթօ տը Վենթուրայի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային զարգացումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի յայտնեց, որ ինք կարեւոր կը նկատէ Լիբանանի մէջ չափաւորականութեան քաղաքականութեան պահպանումը:
Նշենք, որ Պըրրի յառաջիկայ 17, 18 եւ 19 ապրիլին խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը:
Միւս կողմէ, Պըրրի նկատել տուաւ, որ ինք կը զօրակցի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին, պայմանաւ որ անիկա փոքր ընտրաշրջաններու մէջ չգործադրուի:

