Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան Վաւերացնելու Ընտրական Օրէնքն Ու 2012-Ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ վաւերացնելու ընտրական օրէնքն ու 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:
Նախագահ Սլէյման համոզում յայտնեց, որ Լիբանանի վկայած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը լաւ սկիզբ մըն է` տարբեր մարզերուն մէջ կառավարութեան յաջողութիւններ ապահովելու:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց եւրոպական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Քամիլ Զիատէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանը, որուն հետ քննարկեց Աւստրալիա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան օրակարգը:


