Հանդիպում Եւրոպական Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Հետ. Երեսփոխան Բագրատունի Կը Ներկայացնէ Թուրքիոյ Դերակատարութեան Թաքուն Ծալքերը

Լիբանան – Եւրոպական խորհրդարան բարեկամական յանձնախումբի անդամներ, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Եասին Ժապեր եւ Ալի Պեզզի ընդունեցին Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, ընկերվարական համախմբումի փոխնախագահ Վերոնիք տէ Քէյզըրը եւ Աննա Կոմեսը, որոնք պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուին Լիբանան:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները լայնօրէն անդրադարձան շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան` Լիբանանի քաղաքական վիճակին եւ ապահովութեան վրայ:

Այս ծիրին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ դերակատարութեան: Երեսփոխան Բագրատունի մանրամասն վերլուծում ներկայացուց ժամանակի ընթացքին այդ դերակատարութեան հոլովոյթին եւ այն իրական դրդապատճառներուն, որոնք կը մղեն Թուրքիան Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհին մէջ ներկայութիւն ըլլալու:

Թէ՛ եւրոպացի պատուիրակները, թէ՛ լիբանանցի երեսփոխանները շեշտեցին վայրագութեան մերժումը եւ երկխօսութեան ճամբով հարցերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ Լիբանան առաւելագոյն ճիգ կը թափէ նուազագոյն ազդեցութիւնը ընկալելու Սուրիոյ եւ շրջանի դէպքերէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES