«Հանգիստ Չենք Զգար Ռայի Պատրիարքին Թուրքիա Կատարած Այցելութեան Կարգ Մը Երեսներէն» «Նաշրա»-Ին Կ՛Ըսէ Երեսփոխան Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, անդրադառնալով մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին Թուրքիա կատարած այցելութեան, շեշտեց, որ «այդ այցելութեան գծով վերջնական կեցուածք պիտի չորդեգրուի պատրիարքին հետ տեսակցելէ առաջ»:

Պատասխանելով «Նաշրա» լրատուական կայքէջի մէկ հարցումին` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ «պատրիարքին հետ մեր ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին վերապահութիւններ արտայայտած էինք նախատեսուած այցելութեան գծով, իսկ այսօր հանդիպման ժամադրութիւն պիտի ուզենք, որպէսզի անձամբ իրմէ լսենք մանրամասնութիւնները` տրուած ըլլալով միաժամանակ, որ հանգիստ չենք զգար այս այցելութեան կարգ մը երեսներէն»:

 

Share this Article
CATEGORIES