Նալբանդեան. «Հայաստան Կարեւոր Կը Նկատէ Իր Մասնակցութիւնը Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ այցելեց Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանը, ուր մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան միամսեակի ծիրին մէջ կազմակերպուած «Միջմշակութային հաղորդակցութիւնը օտար լեզուներու ուսուցման միջոցով» միջազգային գիտաժողովի բացման արարողութեան:

Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ բարի աւանդութիւն դարձած են ֆրանսախօսութեան նուիրուած տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին` գիտական համաժողովները:

Ըստ նախարարին, ֆրանսախօսութիւնը կը նպաստէ տարբեր ցամաքամասերուն վրայ ապրող, սակայն նոյն արժէքները դաւանող ժողովուրդներու մերձեցման եւ մշակութային աւելի սերտ համագործակցութեան:

Նախարարը նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ իր մասնակցութիւնը միջմշակութային երկխօսութեան ֆորում հանդիսացող Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան, քանի որ համոզուած է, որ ատիկա կ՛ընձեռէ աւելի սերտ փոխադարձ ճանաչելիութեան եւ համագործակցութեան կարելիութիւններ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES