Մամետեարով-Մինսքի Խմբակի Համանախագահներ Հանդիպումին Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Հարցը

Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը համանախագահող երկիրները ապրիլին Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը պիտի ունենան: Իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի մէջ:

Մամետեարով պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հարցը:

 

Share this Article
CATEGORIES