Պաքուի Մէջ «Ինքնավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծում Չէ» Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան

Երէկ Պաքուի մէջ սկսաւ «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վահան Յովհաննիսեան, Արտակ Զաքարեան, Արա Նռանեան, Լիլիթ Գալստեան, Յովհաննէս Սահակեան, Արամ Սաֆարեան, Նայիրա Զոհրաբեան, Ստեփան Սաֆարեան, Խաչիկ Յարութիւնեան եւ Մանուէլ Բադէեան:

Նիստի օրակարգին վրայ չորս հիմնական զեկուցումները նուիրուած էին ուժանիւթի ենթակառոյցներուն, ժողովրդավար, ազատ եւ անկախ զանգուածային լրատուամիջոցներու ապագային, առեւտրական համաձայնագիրներուն եւ համագործակցութեան` կառավարութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Պաքուի մէջ երէկ յայտարարեց, որ ղարաբաղեան հարցին շուրջ սթաթիւս քոն չի կրնար յաւերժ տեւել, երբ ո՛չ պատերազմ է, ո՛չ խաղաղութիւն:

Ան նշեց, որ այսպիսի խաղաղութիւնը պատերազմէն աւելի լաւ է, քանի որ Ազրպէյճանի պիւտճէն աւելի մեծ է եւ անոր մեծ մասը կը ծախսուի սպառազինման համար:

Ըստ դաշնակցական գործիչին, Ազրպէյճանի որոշ պաշտօնական դէմքեր անկէ եզրակացուցած են, որ հարցը կը լուծուի պատերազմի միջոցով: Ան նշեց, որ ազրպէյճանցի զինուորականները պէտք է իմանան, որ յարձակողական միջոցներու վրայ կատարուած ծախսերը քանի մը անգամ աւելի սուղ են, քան պաշտպանականներունը, որոնց վրայ ալ Հայաստանը կը ծախսէ իր համեստ պիւտճէէն: Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան մշտապէս աւելի հարուստ եղած է Հայաստանէն եւ մօտ ապագային ան աւելի հարուստ պիտի ըլլայ, սակայն Հայաստան երբեք այնքան աղքատ պիտի չըլլայ, որ կարելիութիւն չունենայ ինքնիրեն թոյլատրելու պաշտպանական համակարգեր գնել: Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ այդ պատճառով աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ փոխզիջումային տարբերակ գտնել:

Վ. Յովհաննիսեան նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ տակաւին առաջարկներ կը հնչեն վերադառնալու 1988 թուականի իրավիճակին, այսինքն` երբ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ կը գտնուէր, ինչպէս նաեւ կ՛առաջարկուի ինքնավարութեան «որոշ մակարդակ»: Ըստ անոր, անցեալին նոյնպէս ինքնավարութեան որոշ մակարդակ կար: Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ ատիկա չէ հարցին լուծումը: Վ. Յովհաննիսեան շեշտեց, որ անոր համար պէտք է գոնէ մէկ անգամ հայկական կողմը ազրպէյճանականէն լսէ, որ ան պատրաստ է զիջումներու: «Երբ ատիկա տեղի ունենայ, այդ ժամանակ, ես կը կրկնեմ, երբ երկու կողմերու զիջումները բերուին միասնական տեսքի, հարցին լուծումը պիտի տեւէ քանի մը շաբաթ», յայտարարեց Վ. Յովհաննիսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES