Երեւանի Մէջ Լաւրով Իրանի Դէմ Ուժի Կիրարկումէն «Խիստ Բացասական» Հետեւանքներ Կը Նախատեսէ
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին առիթով Երեւան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Իրանի հետ կապուած խնդիրը լուծելու նպատակով այդ երկրին նկատմամբ ուժի կիրարկումը պիտի յանգեցնէ խիստ բացասական հետեւանքներու Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի համար` հաշուի առնելով, որ Իրանի մէջ մօտ 3 անգամ աւելի շատ ազրպէյճանցի կ՛ապրի, քան Ազրպէյճանի մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ ընդհանուր առմամբ շատ դժուար է նախատեսել այդ հեռանկարին բացասական հետեւանքները, սակայն ատիկա զգալի պիտի ըլլայ ամբողջ Հարաւային Կովկասին համար:
Լաւրով աւելցուց, որ Ռուսիա կողմ է Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ խնդիրի լուծման` միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ, իսկ ատիկա թոյլ չի տար կանխարգելիչ հարուածներ հասցնել:


