Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Լոքեանը Եւ Սփիւռքահայ Բարերարներ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանը եւ սփիւռքահայ խումբ մը բարերարներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Քաշաթաղի զարգացման հիմնախնդիրները, մասնաւորաբար` ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան մարզերը:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս ուղղութեամբ համայն հայութեան ջանքերը` զանոնք նկատելով նախատեսուած ծրագիրներու յաջող իրականացման առանցքային գործօններէն մէկը:
Հանդիպման կը մասնակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
CATEGORIES Հայկական

