ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ՊԱՐԶԱՆԻՆԵՐԸ` ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ
Պարզանիները համաքրտական իմաստով քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդող ուժ են: Անոնք մեծ դեր կատարած են պատերազմներու եւ քրտական ազատագրական պայքարներուն մէջ: Իրենց քաղաքական եւ զինուորական ուժին կողքին, անոնք կը մարմնաւորեն նաեւ իրենց կրօնապետական շէյխութեան ուժը եւ այդպիսով ալ իրենց անջնջելի կնիքը դրած են քիւրտ ժողովուրդի աշխարհահայեացքին եւ մտածողութեան վրայ:
ՔՐՏԱԿԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀԻՆ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ
ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
Պարզանիները քրտական ամէնէն հին ազնուական տոհմերէն մէկն են: Կարծիքի մը համաձայն Պարզանի ցեղանունը հին խուրրիական Պարզանի աստուծոյ անունէն սերած է: Անոնք աւելի քան տասներկու դարերու անցեալ ունեցող իշխանական ընտանիք մըն են. ցեղային աւանդութեան համաձայն, անոնք Ը. դարէն սկսեալ Ամատիայի իշխանները եղած են:
Հետագային Պարզանիները կորսնցուցին իրենց իշխանութիւնը, երբ վերջին իշխանին մահէն ետք անոր անդրանիկ զաւակը չընտրուեցաւ իբրեւ հօրը օրինական յաջորդ, եւ իշխանութիւնը անցաւ անոր կրտսեր եղբօր, որ սակայն ատեն մը ետք հեռացաւ իշխանութենէն եւ Ամատիայէն, եւ գնաց աւելի արեւելք ու լեռներուն վրայ ապաստան գտաւ:
Պարզանիներուն յաջորդած Ամատիայի իշխանները անհետացան հետագայ դարերուն, բայց Պարզանիները պահեցին իրենց բարոյական հեղինակութիւնը եւ ուժը, եւ դարեր շարունակ անոնք ապրեցան իբրեւ լեռնաբնակ անասնապահներ. անոնցմէ շատեր զինուորական ղեկավարներ եղան, ոմանք ալ` կրօնական ղեկավարներ:
Պատմական տարեգրութիւններ կ՛ըսեն, որ Պարզանիները քրիստոնեայ եղած են եւ տասներկու եպիսկոպոսներ տուած են Ասորեստանի եկեղեցւոյ:
ՔԻՒՐՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ
ՈՒԺԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
Պարզանիներու նորագոյն պատմութիւնը, իբրեւ համաքրտական իմաստով ղեկավար տարր, կը սկսի ԺԹ. դարուն սկիզբը, երբ անոնք իսլամ նագշապանտի տերվիշներու դաւանանքի ղեկավարներ դարձան:
Արդարեւ, ԺԸ. դարու վերջաւորութեան Ճաֆ ցեղախումբէն Մաուլանա Խալէտ քիւրտերուն մօտ նագշապանտի դաւանանքը տարածեց եւ յետոյ իր իրաւասութիւնը փոխանցեց Շամտինանի շէյխ Թահայի. ան ալ, իր կարգին, խալիֆաթը փոխանցեց Պարզանիներու ղեկավար Թաճէտտինի` իբրեւ նագշապանտի տերվիշներու ղեկավար: Այսպէսով Պարզան գիւղին եւ շրջակայքին մէջ կազմաւորուեցաւ իսլամ տերվիշական համայնք մը, եւ Թաճէտտին կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ ազդեցութիւն ձեռք ձգեց Պարզանի հովիտի շրջանի նախնական բնակիչներուն մէջ:
Նոյն ժամանակաշրջանին, ԺԹ. դարուն սկիզբը, Պարզանիները Մեծ Զաբ գետի ափերէն հաւաքուելով փոխադրուեցան դէպի հիւսիս` Չիա-Ի-Շիրինի անառիկ բարձունքներուն ստորոտը` մասամբ դուրս մղելով շրջանին քրիստոնեայ եւ հրեայ հին բնակիչները. այդ ժամանակ ալ հիմնուեցաւ ներկայ Պարզան գիւղը:
Պարզանիները պատերազմիկ հաւաքականութիւն մըն էին եւ իրենց շրջակայ գիւղերուն կողոպուտով եւ աւարառութիւններով կ՛ապրէին: Անոնք իրենց քաղաքական, զինուորական եւ հոգեւոր հեղինակութիւնը տարածեցին իրենց շրջակայ կարգ մը ցեղախումբերու վրայ, եւ հետագային Պարզանի արտայայտութիւնը կամ սահմանումը սկսաւ օգտագործուիլ, Պարզանի ցեղախումբէն զատ, նաեւ բոլոր այն ցեղախումբերուն համար, որոնք Պարզանիներու շէյխը կը նկատէին իրենց հոգեւոր առաջնորդը եւ ղեկավարը: 1906-ի տուեալներով Պարզանի ցեղախումբը 750 ընտանիք կը հաշուէր, իսկ անոր կապուած ցեղախումբերն էին, Շիրուանի` 1800 ընտանիք, Միզուրի` 120 ընտանիք, եւ աւելի փոքր Պարուշի եւ Տոլա Մարի աշիրէթները: Հետագային անոնցմէ ոմանք հեռացան Պարզանիներէն: 1945-ի տուեալներով Պարզանիները 1800 ընտանիք, ինը հազար հոգի կը հաշուէին:
Պարզանի աշիրէթները ամէն կողմէն թշնամիներով շրջապատուած էին. հարաւէն` Զիպարի եւ Հարքի աշիրէթները, արեւելքէն` Պարատոսթ աշիրէթը. անոնք յետոյ թշնամացան նաեւ հիւսիսի իրենց դաւանակից ու նախապէս դաշնակից Շամտինանի շէյխերուն հետ:
Շէյխ Թաճէտտինի յաջորդեց զաւակը` Ապտալլա. ան երկու զաւակ ունեցաւ. Ապտէլ Ռահման եւ Ապտէլ Սալամ. անոր յաջորդեց շէյխ Ապտէլ Սալամ Ա., որ պայքարեցաւ թրքական իշխանութիւններուն դէմ, բայց յետոյ ձերբակալուեցաւ եւ կախուեցաւ Մուսուլի մէջ:
Անոր յաջորդեց զաւակը` շէյխ Մուհամմէտ, որ հռչակուեցաւ իբրեւ մեհտի (նուիրեալ). ան ութ զաւակ ունեցաւ: Շէյխ Մոհամմէտ մահացաւ 1902-ին եւ անոր յաջորդեց անդրանիկ զաւակը` Ապտէլ Սալամ Բ., որ 1908-ին ապստամբութեան սկսաւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ, երկար պայքարեցաւ, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ եւ կախուեցաւ Մուսուլի մէջ, 1914-ին:
Ապտէլ Սալամ Բ.-ի յաջորդեց երկրորդ եղբայրը` շէյխ Ահմէտ` իբրեւ կրօնապետ, իսկ երրորդ եղբայրը` մոլլա Մուսթաֆա (ծնած` 14 Մարտ 1903-ին, Պարզան) հռչակուեցաւ ցեղախումբին զինուորական հրամանատարը:
Շէյխ Ահմէտ ծնած էր 1896-ին, Պարզան: Ան, նկատի ունենալով որ գիւղին մէջ իսլամները, հրեաներն ու քրիստոնեաները կողք-կողքի, մեծ ընտանիքի նման համերաշխօրէն կ՛ապրին, եւ իրերօգնութեան հիմամբ միասին կ՛աշխատին յատկապէս վար ու ցանքի, հունձքի եւ ոռոգումի ժամանակ, որոշեց կրօններու միջեւ մերձեցում կատարել: Արդէն գիւղին երեք համայնքներուն աղօթատեղիներն ալ իրարու մօտ կը գտնուէին: Շէյխ Ահմէտ 1927-ին բարեփոխեց իր աղանդը, որուն ուսմունքին համաձայն, ան կը դառնար վերածնեալ Աստուած եւ մեհտի. 1931-ին ան աղանդը մօտեցուց քրիստոնէութեան եւ ինքզինք հռչակեց կէս քրիստոնեայ, արտօնեց իր հետեւորդներուն խոզի միս ուտել եւ այլն:
Ասիկա պատճառ դարձաւ Պարզանիներու եւ անոնց թշնամի ցեղախումբերու միջեւ արիւնահեղ կռիւներու, որոնք ներգրաւեցին հիւսիս-արեւելեան Իրաքի քիւրտ աշիրէթները: Շէյխ Ահմէտի ամէնէն կրտսեր եղբայրը` Սատէգ, սպաննուեցաւ մոլլայի մը կողմէ:
Իրաքեան բանակէն զօրագունդ մը ղրկուեցաւ շրջան` վերահաստատելու կարգ ու կանոնը, բայց ձախողեցաւ: Մոլլա Մուսթաֆա խնդրեց եղբօրմէն բարեփոխել կրօնական օրէնքները եւ մօտենալ սիւննի դաւանանքին: Ի վերջոյ, շէյխ Ահմէտ ազատ արձակեց իր կալանաւորած բանակայինները եւ թշնամիները:
ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ
ՊԱՅՔԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Շէյխ Ահմէտ 1932-ին ապստամբութիւն մը բարձրացուց Իրաքի դէմ, բայց նոյն տարին իսկ պարտուեցաւ եւ իր ընտանիքով փախաւ Թուրքիա: Ներում ստանալով, ան յետոյ վերադարձաւ Իրաք, բայց իր ընտանիքով աքսորուեցաւ Նասիրիա, ապա` Սիւլէյմանիէ, եւ 1943-ին վերադարձաւ իր կեդրոն Պարզան գիւղը:
Շէյխ Ահմէտի եղբայրը` մոլլա Մուսթաֆա 1943-ին երեք ընկերակիցներով վերադարձաւ Պարզան, կազմակերպեց իր ուժերը եւ սկսաւ պայքարի: Անոր ընտանիքը Սիւլէյմանիէէն աքսորուեցաւ հարաւային Իրաքի Հիլլա քաղաքը: Շէյխ Ահմէտ, որ տակաւին Սիւլէյմանիէ կը գտնուէր, թելադրեց եղբօրը չսկսիլ ապստամբութեան, բայց ապարդիւն: Իբրեւ առաջին քայլ, մոլլա Մուսթաֆա Քերքուքի մէջ հիմնեց Հեւա (Յոյս) անունով կուսակցութիւն մը, նպատակ ունենալով Իրաքի քիւրտերու ինքնավարութիւնը: 1945 փետրուարին, Հեւայէն կազմուեցաւ «Ազատութեան խումբ»ը:
1945-ի ամրան բախումները սաստկացան: Իրաքեան բանակը իր կողքին ունէր նաեւ Պարզանիներուն թշնամի ցեղախումբերը: Մոլլա Մուսթաֆա չկրցաւ երկար դիմադրել եւ նահանջեց լեռները: Ցեղախումբերը գրաւեցին կարեւոր դիրքեր` իր միջնաբերդ Պարզան գիւղին արեւմտեան շրջանին մէջ:
Սեպտեմբեր 25-ի արեւածագին, մոլլա Մուսթաֆա լեռներուն վրայ ինքզինք պաշարուած գտաւ բանակին եւ իրեն թշնամի Սուրչի, Զիպարի, Տուշքի եւ այլ ցեղախումբերու ուժերով, որոնք վճռած էին բնաջնջել Պարզանիները: Մոլլան եւ իր հաւատարիմները կռուեցան մինչեւ ուշ երեկոյ, յետոյ նահանջեցին Պարզան գիւղին հիւսիսային Չիա-Ի-Շիրին բարձր եւ անառիկ լեռները, որոնք բնական ամրոցներ են: Պարզանիներուն կացութիւնը դարձաւ ճակատագրական, երբ թուրքեր գրաւեցին Պարզանէն հիւսիս գտնուող դիրքերը եւ միացան իրաքեան բանակին եւ Պարզանիներու թշնամի աշիրէթներուն:
Այս պայմաններուն տակ, Պարզանիներուն կը մնար պաշարման շղթան պատռել եւ հեռանալ: Այդ նպատակով ալ, 30 սեպտեմբերին Պարզանիները գրաւեցին Քանի Ռէշը` Իրանի սահմանին վրայ եւ առժամաբար հակակշիռ հաստատեցին Պարազ Կիր եւ Ռուպար-Ի-Շեքիւ գետերու ուղղութեամբ: Մոլլա Մուսթաֆա հրահանգեց իր կռուողներուն, որպէսզի իրենց ընտանիքներով հաւաքուին Քանի Ռէշ, անցնելու համար Իրան:
Այնուհետեւ սկսաւ Պարզանիներուն գաղթը, եւ մինչեւ հոկտեմբերի վերջը, ցեղախումբին մեծ մասը, աւելի քան 10 հազար հոգի, որոնցմէ 3 հազարը` զինուած, անցաւ Իրան, եւ Ուշնուի լեռներէն իջնելով մտաւ Գում Գալէ, Մահապատէն տասը քիլոմեթր հիւսիս: Անոնք ցրուեցան Մահապատի շրջակայքը եւ երեք հազար հոգի ալ քաղաքին մէջ հաստատուեցաւ:
Մէկ-երկու ամիս ետք, 1945 դեկտեմբերին քիւրտերը Մահապատի մէջ անկախութիւն հռչակեցին. մոլլա Մուսթաֆա հռչակուեցաւ քրտական նորաստեղծ բանակին գլխաւոր հրամանատարը:
1945-1946 տարեշրջանի ձմրան, երեք ամսուան ընթացքին, 4500 Պարզանիներ մահացան ցուրտէն, անօթութենէն եւ հիւանդութիւններու պատճառով:
Իրանեան բանակը բուռն մարտերէ ետք, 1946 դեկտեմբերին վերջ դրաւ Մահապատի հանրապետութեան: Այնուհետեւ Պարզանիները, իրանեան բանակէն հալածական, փորձեցին վերադառնալ Իրաք, բայց իրաքեան կառավարութիւնը անոնցմէ պահանջեց վար դնել զէնքերը եւ հրաժարիլ քաղաքական պայքարէն: Շէյխ Ահմէտ ընդունեց պայմանները եւ ցեղախումբին մեծ մասը առնելով` 1947 ապրիլին վերադարձաւ, իսկ միւսները, 500 կռուողներ, մոլլա Մուսթաֆայի գլխաւորութեամբ, իրաքեան բանակին ու օդուժին կողմէ հալածական, անցան Թուրքիոյ սահմանը եւ հոնկէ` Իրան, ուր յունիս 10-ին իրանեան բանակին կողմէ պաշարուեցան եւ քանի մը օրուան բուռն մարտերէ ետք, 350 քիլոմեթր ճամբան տասնչորս օր քալելով մտան Խորհրդային Միութիւն, ուր մոլլա Մուսթաֆա Կարմիր բանակին մէջ ծառայութեան մտաւ զօրավարի աստիճանով:
ՊԱՐԶԱՆԻ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ԳԱՂԹԸ
Իսրայէլի պետութեան կազմաւորումէն (1948) ետք, 1951-ին Պարզանի եւ շրջակայ Պիժիլ եւ Շահէ գիւղերուն հրեաները Իսրայէլ գաղթեցին: Պարզանի հրեաներէն պատմութեան մէջ անուանի եղած է կրօնական առաջնորդ Րաբբի Սամուէլ Պարզանի, որուն դուստրը` Ասենաթ Պարզանի (1590-1670) կրօնական թաննայիթ աստիճան ունէր եւ անուանի բանաստեղծուհի էր: Իսկ Մոշէ Պարզանի (1928-1947) մանկութեան Երուսաղեմ գացած եւ միացած էր Լեհի (իսրայէլի ազատագրութեան մարտիկներ) կազմակերպութեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն կողմէ մահապատիժի ենթարկուած էր:
ԻՐԱՔԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Զօրավար Ապտէլ Քարիմ Քասէմի գլխաւորութեամբ 1958 յուլիս 14-ին, կատարուած պետական հարուածը տապալեց Հաշէմականներու թագաւորութիւնը, բնաջնջեց արքայական ընտանիքը եւ հանրապետութիւն հռչակեց Իրաքի մէջ: Քասէմ, ամրապնդելու համար իր նորահաստատ վարչակարգը, պէտք ունէր նեցուկի: Հետեւաբար, ան Խորհրդային Միութենէն Իրաք վերադառնալու հրաւէր ուղղեց Պարզանիներուն, եւ մոլլա Մուսթաֆա ու անոր 500 զինակիցները, որոնցմէ ոմանք ամուսնացած էին Խորհրդային Միութեան մէջ եւ զաւակներ ունեցած էին, ինչպէս նաեւ ուրիշ քանի մը աքսորականներ, բոլորը միասին 853 հոգի, 1959 ապրիլ 19-ին վերադարձան հայրենիք:
Թագաւորութեան անկումէն երկու շաբաթ ետք, յուլիս 27-ին, Քասէմ վերականգնած հռչակեց մինչ այդ արգիլուած կուսակցութիւնները: Ան օգնեց մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի, որպէսզի հիմնէ նոր կուսակցութիւն մը: Հետեւաբար, Պարզանի, նախկին Հեւա կազմակերպութենէն քանի մը անդամներու հետ, եւ Իրանեան Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան հետեւողութեամբ, հիմնեց ծայրայեղ ձախակողմեան «Փարթ Տեմոքրաթ Քիւրտիստան»ը, նպատակ ունենալով հողային արմատական բարեփոխումներ կատարել Իրաքի մէջ եւ անոր արեւելումը մօտեցնել Խորհրդային Միութեան:
Հետզհետէ, Քասէմի նորահաստատ վարչակարգին մէջ Պարզանիի հեղինակութիւնը աւելի ամրապնդուեցաւ: Ան նաեւ նպաստեց Քասէմի դիրքին ամրապնդումին եւ դարձաւ անոր գլխաւոր նեցուկը: 1959 Մարտ 8-ին, երբ իրաքեան բանակէն զօրագունդ մը գնդապետ Ապտէլ Ուահապ Շաուաֆի գլխաւորութեամբ ապստամբեցաւ եւ գրաւեց Մուսուլը, սպառնալով Քասէմի վարչակարգին, Քասէմի առաջարկով Պարզանի իր աշիրէթական ուժերով յարձակեցաւ ըմբոստներուն վրայ եւ մտաւ Մուսուլ. գնդապետ Շաուաֆ սպաննուեցաւ:
Սակայն, Քասէմի եւ Պարզանիի գործակցութիւնը երկար չտեւեց: Պարզանիները հակադրութեան մէջ էին իրենց դրացի աշիրէթներուն հետ, որոնք Պարզանիներու գաղթին ժամանակ գրաւած էին անոնց շրջանները, իսկ Քասէմի վարչակարգը սկսած էր հեղինակազրկուիլ: Քասէմ փակել տուաւ բոլոր թերթերը եւ խստացուց բռնութիւնները:
Այդ պայմաններուն տակ, 1961 յուլիսին Պարզանի Քասէմի ներկայացուց Քիւրտիստանի ինքնավարութեան նախագիծ մը: Քասէմ մերժեց նախագիծը եւ քննադատեց Դեմոկրատական կուսակցութեան անջատողական կեցուածքը: Մէկ օրէն միւսը յարաբերութիւնները սրեցան: Պաղտատի մէջ թէ այլուր, բազմահարիւր քիւրտեր ձերբակալուեցան, չարչարանքներու ենթարկուեցան եւ սպաննուեցան: Մոլլա Մուսթաֆա, զգալով վտանգը, փախաւ Պաղտատէն եւ գնաց իր կեդրոն Պարզան գիւղը: Զաւակը` Լոգման մնաց Քասէմի ձեռքը իբրեւ պատանդ, իսկ մոլլա Մուսթաֆայի եղբայրը` շէյխ Ահմէտ մնաց Պաղտատ, իբրեւ միջնորդ իր եղբօր եւ Քասէմի միջեւ:
Վերադառնալով Պարզան, մոլլա Մուսթաֆա հաւաքեց իր կռուող ուժերը, գրաւեց ռազմագիտական դիրքերն ու բարձունքները, սահմանները, զինաթափեց ոստիկանութիւնն ու պահակազօրքը եւ վտարեց զանոնք իր շրջաններէն:
9 սեպտեմբեր 1961-ին բախումները սկսան, իսկ 13 սեպտեմբերին, արագ եւ անակնկալ յարձակումով, սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ Պարզան գիւղը: Մոլլա Մուսթաֆա փախաւ լեռները:
Ապստամբութեան շրջագիծը քանի մը օրէն ընդարձակուեցաւ եւ ընդգրկեց քրտաբնակ այլ շրջաններ:
Քիւրտեր արագօրէն սկսան կազմակերպել իրենց ուժերը: Կազմուեցաւ քրտական ազգային տարազով բանակ, որ կոչուեցաւ «Լաշկար-ի-Շորէշի-է-Քորտ », եւ որուն թիւը արագօրէն բարձրացաւ 20 հազարի: Ազատամարտիկները կոչուեցան «փեշմերկա» («մահուան դէմ ճակատող»), իսկ սպաները` «սարմարկէհ» («մահուան առաջնորդող»):
Քասէմի բանակը, բազմաթիւ հրասայլերով, ծանր զէնքերով եւ օդուժին ընկերակցութեամբ անցաւ հակայարձակումի, ռմբակոծելով քրտաբնակ գիւղերն ու վրանախումբերը: Բանակը 500 գիւղ նափալմով ռմբակոծեց եւ 100 գիւղ հրդեհեց, անխնայ սուրէ անցընելով ձեռք անցած քիւրտը, չխնայելով նոյնիսկ ծերերը, կիներն ու մանուկները:
Շէյխ Ահմէտ, իր Պարզան գիւղին մէջ կեդրոնացած, կը շարունակէր հաւատարիմ մնալ Քասէմի: Իրաքեան օդուժը խիստ հրահանգ ստացաւ` ոչ մէկ ռումբ նետել Պարզանի վրայ. այնքան մեծ էր ծերունի շէյխին հեղինակութիւնը Քասէմի մօտ:
Իրաքեան բանակը թէեւ կրցաւ գրաւել քրտաբնակ քաղաքներն ու մեծ գիւղերը, բայց լեռները մնացին անմատչելի: 1962-ի ամրան, քիւրտերը կը հակակշռէին սահմանային ամբողջ բարձրաւանդակները:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ