50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 13 ապրիլ 1961 )
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԱՅՑԸ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը առջի օր` երեքշաբթի, 4 ապրիլ, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, այցելեց հայ մամուլի ցուցահանդէսը, որ տեղի կ՛ունենար Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի:
Վեհափառին կ՛ընկերանային Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան եւ դպրեվանքի ուսումնապետ Բիւզանդ Եղիայեան:
Հիւրերը դիմաւորուեցան Աւետ. Ա. եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հոգաբարձութեանց, Տիկնանց միութեան եւ Շրջանաւարտիցի վարչութեան անդամներուն կողմէ:
Հետաքրքրութեամբ դիտելէ ետք ցուցադրուած հայերէն թերթերը, յարգելի հիւրերը հիւրասիրուեցան եւ ապա պտտեցան եկեղեցւոյ եւ դպրոցի զանազան մասերը:
ՀԱՅ ՄԸ ԿՈՂՈՊՏՈՒԱԾ`
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկահայ մեծահարուստ մը` տէր եւ տիկին Սաֆեաններ, Ֆրանսայի Քար տ՛Անիպի մէջ գնած էին հոյակապ ապարանք մը, որ կղզեակի մը գրեթէ կէսը կը ներկայացնէ: Քանի մը օր առաջ, երբ տիկին Սաֆեան Սան Ռեմօ բարեկամներու այցելութեան գացած էր, աւազակներ մտած են ապարանք եւ կողոպտած` բոլոր թանկարժէք առարկաները, ի մէջ այլոց` տիկին Սաֆեանի գոհարեղէնները, մուշտակները եւ քանի մը արժէքաւոր գեղանկարներ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
Նիւ Եորքի «Քամիօ» թատրոնին մէջ կը ցուցադրուի խորհրդային շարժանկար մը, որ կը կոչուի «Օր մը ռուսերուն հետ», անգլերէն բացատրութիւններով: 16 սեպտեմբեր 1960-ին 41 շարժանկարի նկարիչներ խորհրդային երկիրներու զանազան վայրերու մէջ օրուան գլխաւոր դրուագը նկարած են: Հետաքրքրական է, ցոյց կը տրուի միշտ ամէն բան լաւ, օրինակի համար` քաղաքի մը բանտը կը փլցուի, որովհետեւ այլեւս բանտարկեալ չէ մնացած, ամէն բան լաւ է եւ ուրախ, եւ յանկարծ ցոյց կը տրուի Հայաստանի խաղողը, անմիջապէս ետքը` Երեւանի օդակայանը: Օդանաւէն դուրս կու գայ ամերիկահայ կին զբօսաշրջիկ մը, ակնոցաւոր, թաշկինակը ձեռքին իր արցունքները կը չորցնէ: Օդանաւին շուրջ հաւաքուած են բազմաթիւ բարեկամներ կամ ազգականները բոլորը կու լան` փաթթուած իրենց ամերիկահայ ազգականներուն… Տեսարանը շատ յուզիչ է:
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԵՒ ՍՊԱՀԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ
ՄԵԿՆԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ
Մօտ երկու շաբաթէ ի վեր Թեհրան կը գտնուէին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Արսէն վրդ. Աւետիքեան եւ Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան:
Մարտ 29-ին երկու հայրերն ալ մեկնած են իրենց թեմերը` ընկերակցութեամբ այդ թեմերէն եկած հանրային-հասարակական մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
ՀԱՅ ՄԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ`
ՊՈԼՍՈՅ ԻՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Պոլսոյ Կարտըն սիթիի Ալշամս շէնքին մէջ, Շեփըրսի մօտերը, խորհրդաւոր ոճիր մը տեղի ունեցած է: Ժորժ Յակոբեան անուն հայ մը սպաննուած գտնուած է իր բնակարանին մէջ, ուր առանձին կ՛ապրէր 12 տարիներէ ի վեր: Տարաբախտ հայը իր ննջասենեակին մէջտեղը գտնուած է կռնակի վրայ պառկած վիճակի մէջ: Կուրծքին եւ գլխուն վրայ վէրքի բազմաթիւ հետքեր նշմարուած են:
Յակոբեանին կինը եւ զաւակը Ամերիկա կը գտնուին: Կասկածի վրայ` ձերբակալուած է Ահմեթ անուն թուրք մը, որ կարգ մը խոստովանութիւններ ըրած է:

