Թենիս. «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցաշարք. Նալպանտեան Կը Պատրաստուի Խրուաթիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Դաւիթ Նալպանտեան (աջին) եւ Խուան Մարթին Տել Փոթրօ

Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան այժմ կը պատրաստուի իր երկրին` Արժանթինի ազգային խումբին հետ Խրուաթիոյ դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն:

Երկու կազմերուն միջեւ այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 6-8 ապրիլին` Պուէնոս Այրեսի մէջ գտնուող Փարքուէ Ռոքա Արենային մէջ:

Արժանթինի մարզիչ Մարթին Խայտէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ Խուան Մարթին Տէլ Փոթրօ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անհատական մրցումներուն:

Ասկէ բացի, Նալպանտեան Էտուարտօ Շուանքի հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ զոյգի մրցումներուն:

Այլ գետնի վրայ երէկ հրապարակուած թենիսի միջազգային ընդհանուր դասաւորման մէջ, Նալպանտեան 905 կէտով կը շարունակէ գրաւել 50-րդ դիրքը:

Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի սերպ Նովաք Տիոքովիչ (12,670 կէտ), ապա յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա, 9935 կէտ) եւ Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա, 9035 կէտ):

Share this Article
CATEGORIES