«Հրազդան» Մարզադաշտին Վերանորոգութիւնը Կ՛Ընթանայ Մեծ Թափով
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին վերանորոգութիւնը կ՛ընթանայ մեծ թափով: Վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են քանի մը շաբաթէ ի վեր:
Հայաստանի մեծագոյն մարզական կառոյցը կը պատրաստուի այս տարի հիւրընկալել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք մրցումները:
Առ ի յիշեցում յայտնենք, որ յառաջիկայ 16 օգոստոսին «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ նախատեսուած է Հայաստան – Պիելոռուսիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը, իսկ 12 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Իտալիա ճակատումը, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական