Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ 1-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ Մահրամի Վրայ
Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, երէկ Ռիատի Պէյրութ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Իրանի ախոյեան Մահրամը` 91-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:
Նշենք, որ երկու կազմերը այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, դարձեալ իրարու դէմ պիտի մրցին: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրողը կը հանդիսանայ ախոյեան:
Լիբանանեան կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեվըրիք Սփենսըր (39), իսկ իրանեան կազմէն` Փափէ Սու (22):
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 23-18, 29-22, 22-25 եւ 17-22:
CATEGORIES Մարզական